ԽԱՉԻԿ ԲԱՐԹԵՄԵԱՆ
ԽԱՉԻԿ ԲԱՐԹԵՄԵԱՆ
Ազգային գոյատեւման ջանքերուն իր քրտինքը շաղախած, վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մըն է եղբ. Խաչիկ Բարթեմեան, յունահայ մարզական կեանքին եւ Յունաստանի պասքեթպոլի պատմութեան հանրածանօթ անուն մը։
Եղբ. Խաչիկ Բարթեմեան ծնած է 1919-ին, Գոմոթինի, հիւսիսային Յունաստան։ Նախնական ուսումը ստացած է տեղւոյն ազգային եւ յունական երկրորդական վարժարաններուն մէջ, ապա աւարտած է Սելանիկի ամերիկեան Անաթոլիա քոլէճը։
Պատանի տարիքէն եղբ. Խաչիկ յատուկ սէր ցուցաբերած է մարմնամարզի հանդէպ եւ եղած է դաշտային խաղերու մարզիկ, հեծելանւորդ, գունդ եւ սկաւառակ արձակող, թենիս, պասքեթպոլ եւ ֆութպոլ խաղացող։ Մարզական կեանքը ան սկսած է ծննդավայրի յունական «Ասփիս» եւ Սելանիկի «Անաթոլիա» մարզական խումբերով։ Այնուհետեւ ան մաս կազմած է Սելանիկի «Արաքս» ֆութպոլի խումբին՝ խմբակիցներ ունենալով Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներ Վահագն Աբրահամեանը եւ Դանիէլ Դանիէլեանը։
1948-ին Սելանիկ հաստատուելով, եղբ. Խաչիկ կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղին։ Կ’ընտրուի վարչական եւ ատենապետի պաշտօն կը վարէ մինչեւ 1968։ Ապա, կարճատեւ դադարէ մը ետք, 1975-1978 ան դարձեալ մաս կը կազմէ վարչութեան։
1978-ին եղբ. Խաչիկ կը փոխադրուի Աթէնք։ Այս առիթով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սելանիկի մասնաճիւղը իրեն ի պատիւ կը կազմակերպէ հրապարակային հաւաքոյթ մը եւ կը շնորհէ «Պատուակալ ատենապետ»ի տիտղոս։ Նոյն տարին, Գալամոսի մէջ կազմակերպուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առաջին բանակումին, Օգոստոս 1978-ին, միութենական երկարամեայ իր գործունէութեան առ ի գնահատանք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը զինք կը պարգեւատրէ «Արժանեաց» շքանշանով։
1989-ին, յունական մարզական կեանքին իր կէս դարու ծառայութեան համար, Յունաստանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը եղբ. Խաչիկը կը պարգեւատրէ գնահատանքի յատուկ վկայագիրով։
Եղբ. Խաչիկ կը մահանայ 15 Օգոստոս 1992-ին, Աթէնք։