ԽՈՐԷՆ ՔԻՐԱԶԵԱՆ
ԽՈՐԷՆ ՔԻՐԱԶԵԱՆ
Եղբ. Խորէն Քիրազեան ծնած է 1922-ին, Պազարճիք, Պուլկարիա։ Ծնողները նոյն տարին իսկ փոխադրուած են Փլովտիվ, ուր ան նախակրթութիւնը ստացած է Մխիթարեաններու տեղւոյն վարժարանը։
1939-ին, եղբ. Խորէն կ՚աւարտէ Փլովտիվի առեւտրական հիմնարկը եւ 1940-ին կը փոխադրուի Սոֆիա, ուր 55 տարի կը պաշտօնավարէ վաճառականական մեծ հաստատութեան մը մէջ։1943-1945 ան կը զինուորագրուի պուլկարական բանակին եւ կը մասնակցի Բ. Աշխարհամարտի կռիւներուն։ Կը մեկնի մինչեւ Քոսովօ եւ ոդիսական պայմաններու մէջ քալելով կը վերադառնայ Փլովտիվ։
Եղբ. Խորէն մանկութենէն կը դաստիարակուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարական իտէալներով եւ Գարեգին Նժդեհի հայրենասիրական շունչով։ Կը կրէ ազդեցութիւնը Պուլկարիոյ 1930-ական տարիներու ազգային ականաւոր դէմքերուն՝ Ներսէս Աստուածատուրեանին, Օննիկ Փանիկեան-Զարմունիին, Յովհաննէս Տէվէճեանին, Հայկ Ասատուրին եւ Կարօ Ղազարոսեանին։
1931-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ական վարչական իր երէց եղբօր օրինակին հետեւելով, եղբ. Խորէն կ՚անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ին, իբրեւ գայլիկ եւ ապա՝ սկաուտ։ 1940-ին, Սոֆիա հաստատուելէ ետք, եղբ. Արթօ Յարութիւնեանի հետ ան կը վերականգնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն տկարացած մասնաճիւղը։ 1931-1944, մինչեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խափանումը Պուլկարիոյ մէջ, ան կը մասնակցի սկաուտական միջ-մասնաճիւղային գլխաւոր ձեռնարկներուն եւ բանակումներուն։
1991-ին, համայնավար կարգերու քայքայումէն եւ Պուլկարիոյ մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վերընձիւղումէն ետք, եղբ. Խորէն կը ստանձնէ Սոֆիայի մասնաճիւղին ատենապետութիւնը։ Միաժամանակ, ան կեդրոնական դէմքն ու մղիչ ուժը կը հանդիսանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուլկարիոյ մնացեալ մասնաճիւղերուն վերականգնման եւ վերակազմակերպման աշխատանքներուն։
Եղբ. Խորէն կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Զ. եւ Է. Պատգամաւորական Ժողովներուն։ Է. Պատգամաւորական ժողովի նախօրեակին, Պէյրութ, 1991-ին, ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ կը պարգեւատրուի միութեան «Արտակարգ» պատուանշանով։
Մինչեւ խոր ծերութիւն եղբ. Խորէն կը մնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարական արժէքներուն եւ կազմակերպական աւանդներուն արթուն պահապանը Պուլկարիոյ մէջ։
Եղբ. Խորէն Քիրազեան կը մահանայ 1 Նոյեմբեր 2013-ին։