ԿԱՐԱՊԵՏ ԱՂՃԱՅԵԱՆ
ԿԱՐԱՊԵՏ ԱՂՃԱՅԵԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի հիմնադիրներէն եւ անոր պատմութիւնը կերտած բազմավաստակ, հեղինակաւոր ու երախտարժան դէմքերէն է եղբ. Կարապետ Աղճայեան։ Ան ծնած է 1908-ին, Այնթապ։
1915-ի Եղեռնի եւ տարագրութեան օրերուն դժբախտ պատանի, 1921-ին Կիլիկիոյ պարպումով, 13 տարեկանին, ան ծնողքին հետ կ’ըլլայ գաղթական, կ’անցնի Սուրիոյ Հալէպ քաղաքը։ Տարի մը ետք կը փոխադրուի Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս, ուր չի մնար եւ կը վերադառնայ ու կը հաստատուի Հալէպ։
Եղբ. Աղճայեան նախակրթութիւնը կը ստանայ Հալէպի Լեւոնեան վարժարանին, իսկ երկրորդական ուսումը՝ Ալեփփօ Քոլէճին մէջ։ Ապա, ան ուսումը կը շարունակէ Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանին մէջ, սակայն կը հիւանդանայ եւ ակամայ կը վերադառնայ Հալէպ, ուր հինգ տարի ուսուցչական պաշտօն կը վարէ Հայկազեան վարժարանին մէջ։
Հալէպ վերադարձին, ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղին։ 1931-ին մարզական խաղերու կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ է, 1933-ին՝ աթլեթիզմի յանձնախումբի անդամ, իսկ 1934-ին եւ 1938-ին՝ մասնաճիւղի վարչութեան անդամ։ Այնուհետեւ, կարճատեւ դադարէ մը ետք, ան դարձեալ պատնէշի վրայ է եւ 1942-1951 մաս կը կազմէ մասնաճիւղի վարչութեան, 1950-ին եւ 1951-ին ատենապետի պաշտօնով։
Այս միջոցին եղբ. Աղճայեան կը նետուի կեանքի ասպարէզ եւ հայու յատուկ ջանասիրութեամբ ան կը յաջողի ունենալ իր սեփական դերձակատունը եւ շուտով կը դառնայ ծանօթ անուն մը իր ասպարէզին մէջ։
1944-ին, եղբ. Աղճայեան կը կազմէ ընտանեկան իր բոյնը եւ կը դառնայ հայր երեք զաւակի՝ Արամի, Վիգէնի եւ Ատուրի։
Գաղափարապաշտ ու հայրենասէր հայորդի, ան երիտասարդ տարիքին մուտք կը գործէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքեր եւ մինչեւ մահ կը մնայ կուսակցական պարտաւորութիւններու գիտակից, հաւատաւոր Դաշնակցական։
Իբրեւ գլխաւոր դէմքերէն մէկը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղին, եղբ. Աղճայեան տարիներ շարունակ եղաւ վարչական, մասնակցեցաւ Ներկայացուցչական ժողովներու եւ անձնապէս անսպառ եռանդով մղում տուաւ միութենական աշխատանքներու։ Ան դարձաւ բոլոր ձեռնարկներու, յատկապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-մասնաճիւղային խաղերու ոգին եւ այդ խաղերուն գործնապէս նպաստող կարեւորագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը։
Եղբ. Աղճայեան 1967-ին ընտանեօք փոխադրուեցաւ Պէյրութ, իսկ 1976-ին գաղթեց Մ. Նահանգներ եւ հաստատուեցաւ Լոս Անճելըս։ Ան մաս կազմեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին։ Մօտէն հետեւեցաւ տարուող աշխատանքներուն, եղաւ խորհրդատու եւ ուղեցոյց։
Եղբ. Աղճայեան մահացաւ 13 Յունիս 1982-ին։