ԿԱՐՊԻՍ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
ԿԱՐՊԻՍ ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ
Կար ժամանակ, երբ Գամիշլի կը նշանակէր Կարպիս Գալայճեան, իսկ Կարպիս Գալայճեան կը նշանակէր Գամիշլի։
Կլայագործ հօր զաւակ եղբ. Կարպիս Գալայճեան ծնած է Տիգրանակերտ, 1925-ին։ Չորս տարեկանին, փախստական միջոցներով ծնողքին հետ կը հաստատուի Հասիչէ, ուր մինչեւ 11 տարեկան կ’ապրի առանց ամբողջական ուսման։ 1936-ին, բախտը կը ժպտի իրեն եւ կը դառնայ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի սան։ Հայ չքաւոր անուս փոքրիկներու ապագայով մտահոգ, Օգնութեան Խաչը ուրիշներու կարգին զայն եւս կը ղրկէ Հալէպի Պատսպարան, ուր 1936-1944 ան կը յաճախէ Հայկազեան վարժարան, ապա՝ Լիսէ Ֆրանսէ։ Հօրը մահուան պատճառով սակայն ուսումը կիսատ կը ձգէ եւ կը վերադառնայ Հասիչէ։
Այնուհետեւ, երկար տարիներ եղբ. Կարպիսին կրթական եւ միութենական գործունէութեան հարազատ ասպարէզը կը դառնայ Ճեզիրէի անապատային շրջանի գիւղաքաղաքներու շրջագիծը։
Եղբ. Կարպիս շրջան մը կը պաշտօնավարէ Թէլ Պրաք կոչուող հայկական գիւղի վարժարանին մէջ։ Ուսուցչական պաշտօնին կողքին, անոր անմիջական մտահոգութիւնը կ’ըլլայ հիմնել Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թէլ Պրաքի մասնաճիւղը։ Հալէպի մէջ ուսանողութեան շրջանին, ան կը դառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ 1936-էն սկսեալ կը խաղայ ֆութպոլի երկրորդական «Շանթ» խումբէն։
Ժամանակ մը O.C.P.ի պաշտօնեայ դառնալէ ետք, 1947-ին, ան ուսուցչութեան պաշտօն կը վարէ Հասիչէի հայկական վարժարանին մէջ։ Հոն եւս Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանդէպ իր մէջ եռացող սէրը հանգիստ չի տար իրեն եւ կը նախաձեռնէ արդէն իսկ գոյութիւն ունեցող տեղւոյն սկաուտական կորիզը զօրացնելու եւ զայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի վերածելու աշխատանքին։
Տարի մը ետք, 1948-ին, իրեն կ’առաջարկուի Գամիշլիի Ազգային Վարժարանի տնօրէնութեան պաշտօնը, սակայն ան կը մերժէ եւ կը նախընտրէ նոյն վարժարանին մէջ վարել ուսուցչական պաշտօն։
Գամիշլիի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ը արդէն գոյութիւն ունէր։ Եղբ. Կարպիս անմիջապէս մաս կը կազմէ տեղւոյն մասնաճիւղին եւ 1949-ին կը դառնայ վարչութեան ատենապետ՝ մինչեւ 1961-ի ծանօթ դէպքերը, երբ ակումբը կը փակուի պետութեան կողմէ։
Հազիւ տարի մը ետք սակայն, Հ.Մ.Ը.Մ. կը վերսկսի իր աշխատանքներուն, այս անգամ բոլորովին տարբեր պայմաններու մէջ։ Եղբ. Կարպիս անսպառ եռանդով եւ անսահման նուիրումով ամբողջ 25 տարի Հ.Մ.Ը.Մ.ականի գործունէութիւն կը տանի՝ յաճախ իբրեւ ատենապետ։
Եղբ. Կարպիս մնայուն գործակիցը կը հանդիսանայ եղբ. Լուտեր Մասպանաճեանին, որուն Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընդհանուր գործիչի պատասխանատուութիւնը վստահուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան կողմէ, Սուրիոյ բոլոր կազմերուն համար։ Եղբ. Կարպիս կը լիազօրուի Ճեզիրէի բոլոր շրջանները այցելելու, կազմակերպական աշխատանք տանելու, հարցեր լուծելու եւ ցուցմունքներ տալու համար։
1915-ի Եղեռնի զոհ գացած բազմահազար անմեղ հայորդիներու անթաղ մնացած, ամէն քայլափոխի ցցուող ոսկորներու այդ կիզիչ անապատին մէջ, որ Տէր Զօր կը կոչուի, եղբ. Կարպիս հերոսութեան համազօր գործ կը կատարէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի կորիզներ կամ մասնաճիւղեր յառաջացնելով եւ անոնց յարատեւութիւնը ապահովելով։
Համեստ ու նուիրեալ այս եղբայրը 25 տարի անընդհատ, Թէլ Պրաքէն Հասիչէ, Հասիչէէն Գամիշլի, Տէր Զօր, Արաբ Բունար եւ բազմաթիւ այլ գիւղեր, որոնք կը տարածուին աստղերու չափ կարիճ ապրեցնող այդ անծայրածիր անապատին մէջ, քրտնաթոր կը շրջի իբրեւ մարզիկ, ապա վարչական, հուսկ՝ Շրջանային Վարչութեան ներկայացուցիչ, ծառայելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծառայութենէն անկախ, եղբ. Կարպիս տարբեր ժամանակներ եղած է Գամիշլիի հայկական վարժարանին եւ եկեղեցւոյ թաղական ու հոգաբարձու։ Ան ընտրուած է նաեւ Բերիոյ թեմի Ազգային Գաւառական Ժողովի անդամ։ Մաս կազմած է Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերուն։
Իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, եղբ. Կարպիս իր երկարամեայ ծառայութիւններուն համար արժանացած է միութեան «Ծառայութեան» շքանշանին։
1974-ին, եղբ. Կարպիս ընտանեօք կը փոխադրուի Լիբանան եւ կը հաստատուի Ժիպէյլ, ուր 12 տարի կը ստանձնէ «Թռչնոց բոյն»ի տնօրէնութիւնը։ Կ’ըլլայ տիպար հայր եւ անբասիր միութենականի արժանիքներով օժտուած միութենական։
Անողոք հիւանդութեան դէմ երկարատեւ պայքարէ ետք, եղբ. Կարպիս Գալայճեան կը մահանայ 1 Հոկտեմբեր 2006-ին։