ԿԱՐՊԻՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
ԿԱՐՊԻՍ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի շրջանի երկար տարիներու պատուակալ նախագահ:
Կարպիս Գույումճեան ծնած է 12 Նոյեմբեր 1927-ին, Ֆիքսի գաղթակայանին մէջ։ Փոքր տարիքէն ան կը նուիրուի ազգային գործին, ի մասնաւորի՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։
Եղբ. Կարպիս երկար տարիներ կը զբաղի յունահայ գաղութին եւ շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ին պատմութիւնը արձանագրելով, աշխատանք՝ որուն իբրեւ արդիւնք ան կը հրատարակէ շարք մը գիրքեր։
1948-1978, երեսուն տարի անընդհատ, իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆիքսի մասնաճիւղի վարչական, եղբ. Կարպիս իր մասնակցութիւնը կը բերէ դիւանական, թղթակցական եւ մարզական աշխատանքներու։
1978-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի 44-րդ Ներկայացուցչական ժողովին ան կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամ։ Իբրեւ ներկայացուցիչ թէ հրաւիրեալ, ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի յետ-պատերազմեան Ներկայացուցչական թէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Պատգամաւորական բազմաթիւ ժողովներուն։
1980-էն մինչեւ իր մահը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին կ՚աշխատակցի իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի շրջանի թղթակից, ստորագրելով 200-է աւելի յօդուածներ եւ թղթակցութիւններ։
1994-ին, եղբ. Կարպիս կ՚արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին։ Երկու տարի ետք, 1996-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը եղբայր Կարպիսին կը շնորհէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի պատուակալ նախագահի տիտղոսը։
Երբ Կարպիս կը մահանայ 26 Ապրիլ 2015-ին ։