ԿԱՐՊԻՍ ԷՕԼՄԷՍԷՔԵԱՆ

ԿԱՐՊԻՍ ԷՕԼՄԷՍԷՔԵԱՆ

ԿԱՐՊԻՍ ԷՕԼՄԷՍԷՔԵԱՆ

Եղբ. Կարպիս Էօլմէսէքեան ծնած է 1929-ին, Պէյրութ, ազգասէր ու համեստ ընտանեկան յարկի մը տակ։

Նախնական ուսումը կը ստանայ Էշրէֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Կաթողիկէ Ճեմարանը, իսկ երկրորդականը՝ Նշան Փալանճեան Ճեմարանը: Այնուհետեւ կը նետուի կեանքի ասպարէզ, տիրապետելով ֆրանսերէն լեզուի։ 1953-ին, ան կ’որոշէ զբաղիլ ժամագործութեամբ, որ այդ տարիներուն հազուագիւտ մասնագիտութիւն մըն էր։ Անմիջապէս կը մեկնի Զուիցերիա եւ որոշումը կ’իրականացնէ «Զենիթ» ընկերութեան մէջ, ուրկէ վկայուելէ ետք՝ 1962-ին կը վերադառնայ ծննդավայրը։ Զուիցերիոյ մէջ, ֆութպոլի տեղական խումբի մը հետ ան կը մասնակցի կարգ մը մրցումներու։

Պէյրութի մէջ, եղբ. Կարպիս կը զբաղի ժամագործութեամբ, միաժամանակ շարունակելով մարզական գործունէութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ։

Եղբ. Կարպիս փոքր տարիքէն եղած է ֆութպոլի սիրահար մը եւ մարզական իր նախաքայլերը առած է ֆութպոլի թաղային խումբերու մէջ: Աբօ Աշճեանի, Գրիգոր Գալայճեանի («Սիկար Գօգօ») եւ ֆութպոլասէր այլ ընկերներու հետ ան կը հիմնէ Պէյրութի Հ.Յ.Դ. «Բաբգէն Սիւնի» Պատանեկան Միութեան ֆութպոլի խումբը։ Դպրոցական տարիներուն ան մաս կը կազմէ Ճեմարանի ֆութպոլի խումբին եւ իր տպաւորիչ խաղարկութեամբ կը շահի մեծ ժողովրդականութիւն։ 1946-ին, ծանօթ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանի քաջալերանքով, ան կը միանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին եւ նոյն տարին կը մասնակցի Հալէպի միջ-մասնաճիւղային խաղերուն:

Ճեմարանի մարզանքի ուսուցիչը՝ եղբ. Եղիշէ Մանուկեան, խոստմնալից ֆութպոլիստի իր շնորհները տեսնելով, յատուկ ուշադրութեամբ կը մարզէ զայն եւ ան կը դառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի ֆութպոլի Ա. խումբի փայլուն յետսապահներէն։ Ան իր կարեւոր բաժինը կը բերէ խումբին յաղթանակներուն, յատկապէս 1947-ին՝ Լեռնալիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան նուաճման մէջ: Շրջան մը կը ստանձնէ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի Բ. խումբին մարզումի պատասխանատուութիւնը։

Եղբ. Կարպիս առաջին անգամ վարչական կ’ընտրուի 1955-ին, սակայն հակառակ քարտուղարի իր պատասխանատուութեան, ան կը շարունակէ մարզիկի եւ մարզիչի իր պատասխանատուութիւնները։ 1959-ին, գործի բերումով ան հրաժեշտ կու տայ ֆութպոլին, սակայն կը շարունակէ միութենական վարչական իր կեանքը:

Մարզականին առընթեր, եղբ. Կարպիս մօտէն կը հետեւի Համազգայինի թատերական կեանքին: 1964-ին, կրթական ձեռնարկի մը ընթացքին ան կը ծանօթանայ Լաթաքիայէն հիւրաբար շրջանը գտնուող Հ.Մ.Ը.Մ.ական Զարուհի Կարպուշեանի հետ, որուն հետ ամուսնանալով՝ կը կազմէ ընտանեկան երջանիկ բոյն մը, բախտաւորուելով 4 զաւակներով, որոնք իրենց կարգին կը դառնան հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ:

Եղբ. Կարպիս 1976-ին կը հաստատուի Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ Սան Ֆրանսիսքօ քաղաքը: 1977-ին ան կը միանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղին եւ կը ստանձնէ պատասխանատու պաշտօններ: Երկար տարիներ ան կ’ըլլայ վարչութեան քարտուղար եւ ատենապետ:

1989-ին, ընտանիքին հետ վերջնականապէս կը հաստատուի Լոս Անճելըսի Քրեսենթա Հովիտի շրջանը, ուր 1993-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ական չորս այլ եղբայրներու հետ, ան կը հիմնէ Քրեսենթա Հովիտի «Շանթ» մասնաճիւղը եւ առաջին երեք տարիներուն կը ստանձնէ եւ լաւապէս կը կատարէ ատենապետի ծանր պարտականութիւնը:

Եղբ. Կարպիս Էօլմէսէքեանի վաստակը մեծ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ: Ան իր անսակարկ նուիրումին ու անխոնջ աշխատանքին համար բազմիցս պարգեւատրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի յուշանուէրներով: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան յատուկ հրաւէրով ան կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Է. Ընդհանուր Ժողովին, 1999-ին, Լիբանան:  Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութիւնը բարձր գնահատելով եղբ. Կարպիս Էօլմէսէքեանի նուիրեալ գործունէութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ՝ 1998-ին անոր կը շնորհէ «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական-1998» տիտղոսը:

Անողոք հիւանդութեան դէմ պայքարէ ետք, եղբ. Կարպիս Էօլմէսէքեան կը մահանայ 2005-ին, իր ետին ձգելով ազնիւ մարդու եւ պարկեշտ միութենականի անուն։ 

Տարածենք