ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

ԿԱՐՊԻՍ ՏԷՐ ՄԵՍՐՈՊԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարժումին ճամբով նորահաս սերունդներու ազգային դաստիարակութեան նուիրուած երախտաշատ անուն մըն է Կարպիս Տէր Մեսրոպեան։ Մէկը, որուն բովանդակ կեանքը՝ Աթէնքէն մինչեւ Պուէնոս Այրէս եւ Նիւ Եորք անմնացորդ նուիրում մը եղաւ իր պաշտած միութեան եւ ժողովուրդին։

Եղբ. Կարպիս Տէր Մեսրոպեան ծնած է Ատանա, 1920-ին։ Տարագրութենէ փրկուած, ընտանիքով կը փոխադրուի Յունաստան, Գոքինիոյ հայաշատ գաղթակայանը, ուր կը յաճախէ տեղւոյն Ազգային նախակրթարանը։

1930-ին, 10 տարեկանին, ան կ’արձանագրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերը։ Մաս կը կազմէ մարզական «Շիրակ» խումբին, որ աւելի ուշ, իր առաջնորդութեամբ, պաշտօնապէս կը վերածուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական տեղւոյն խումբին։ Անոր գործունէութիւնը կը շարունակուի մինչեւ 1939, երբ Յունաստանի քաղաքական պայմաններուն փոփոխութեամբ, երկրին մէջ սկաուտական շարժումները կը դադրեցուին։

1940-ին, եղբ. Կարպիս կ’ամուսնանայ Ազատուհի Զարացեանի հետ եւ կը բախտաւորուի երկու մանչ զաւակով։

Վրայ կը հասնի Բ. Աշխարհամարտը։ 1945-ին, պատերազմի աւարտով, սկաուտական շարժումները կը վերակենդանանան։

Եղբ. Կարպիս կը հետեւի Յունաստանի սկաուտական կեդրոնի դասընթացքներուն, կը ստանայ խմբապետի աստիճան եւ կեդրոնին կողմէ կը նշանակուի Փիրէայի շրջանի սկաուտական խումբերու պատասխանատու առաջնորդ, սկաուտական «պէճ»երու մասնագիտութեան քննիչ մարմինի անդամ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի սկաուտական խումբերու պետ։

1950-ին, եղբ. Կարպիս կը հաստատուի Արժանթին եւ հոն եւս, Հ.Մ.Ը.Մ.ականի իր առաքելութենէն մղուած, արտասահմանէն ժամանած եւ սկաուտութիւնը սիրող հայ երիտասարդներու գործակցութեամբ, կը յաջողի սկաուտական շարժում ստեղծել։ Շնորհիւ իր ջանքերուն հետզհետէ կը կազմուին արենուշական խումբեր եւ գայլիկական վոհմակներ։

Օգոստոս 1963-ին, Մարաթոնի մէջ կազմակերպուած համաշխարհային ճամպորիին, եղբ. Կարպիս Տէր Մեսրոպեան կը ներկայացնէ Արժանթինի սկաուտական պատուիրակութիւնը։

Հակառակ Յունաստանէն հեռացած ըլլալուն, եղբ. Կարպիս երբեք չի մոռնար անցեալի իր գործակից եղբայրները։ Աթէնք իւրաքանչիւր այցելութեան ան ներկայ կը գտնուի սկաուտական ելոյթներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն Ներկայացուցչական Ժողովներուն, յագեցնելով անցեալի իր կարօտը։

Սկաուտական իր գործունէութեան շրջանին, եղբ. Կարպիս բազմիցս կը պարգեւատրուի Յունաստանի սկաուտական կեդրոնէն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի եւ Հարաւային Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւններէն, իսկ 1959-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի 31-րդ Ներկայացուցչական Ժողովին որոշումով ան կը գնահատուի յատուկ մետալով եւ վկայականով։

Կեանքի վերջին տարիներուն եղբ. Կարպիս Տէր Մեսրոպեան կը հաստատուի Նիւ Եորք, Մ. Նահանգներ, ուր կը մահանայ 1997-ին։

Տարածենք