ԿԱՐՕ ՄԵՀԵԱՆ
ԿԱՐՕ ՄԵՀԵԱՆ
Կարօ Մեհեան, բուն անունով՝ Կարօ Ղազարոսեան, կը հանդիսանայ Ա. Աշխարհամարտի նախորդող շրջանի մարզիկներէն։ 1918-ի զինադադարէն ետք, ան Մաքրի գիւղի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ է։ 1923-ին կ’անցնի Պուլկարիա, ուր կը դառնայ Շրջանային Վարչութեան անդամ։ 1925-ին կը հրատարակէ «Հ.Մ.Ը.Մ.»ը, իբրեւ շրջանի պաշտօնաթերթ։ 1927-ին, «Հ.Մ.Ը.Մ.»ը «Արի» թերթին միանալով կը սկսի լոյս տեսնել «Մարզիկ» անունով, դարձեալ իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուլկարիոյ շրջանի պաշտօնաթերթ։
Կարօ Մեհեան 1938-ին կ’անցնի Ֆրանսա. հոն աշխատանքի մեծ բաժին մը կ’ունենայ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի քսանամեայ յուշարձան»ի խմբագրութեան գործին մէջ։ Ապա կ’անցնի Պուլկարիա, իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործիչ։ 1944-ի Հոկտեմբերին, երբ համայնավարները կը տիրեն Պուլկարիան, ան ալ ուրիշ ազգայիններու հետ (ընդհանրապէս դաշնակցական գործիչներ ու վարիչներ) ձերբակալուելով կ’աքսորուի Սիպերիա։
Երկար տարիներ աքսորավայրին մէջ տաժանելի կեանք մը ապրելէ ետք, Ստալինի մահէն ետք (1953), Կարօ Մեհեան խումբ մը ընկերներու հետ ազատ կ’արձակուի եւ ձեւ մը գտնելով կ’ապաստանի Ֆրանսա, ուր կը մահանայ 1984-ին։