ԿՐԷԿՈՒԱՐ ՄՂՁԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

ԿՐԷԿՈՒԱՐ ՄՂՁԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

ԿՐԷԿՈՒԱՐ ՄՂՁԱՒԵՏԻՔԵԱՆ

Եղբ. Կրէկուար (Գրիգորիս) Մղձաւետիքեան ծնած է Ատանա, 1915-ին։ Կիլիկիոյ պարպումէն առաջ, 1920-ին, ընտանեօք ան կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր կարճ ժամանակ մը Աւետարանականներու եւ Քափիւսէններու վարժարանը յաճախելէ ետք՝ կը նետուի կեանքի ասպարէզ։ Պատանի Կրէկուար Պէյրութի նշանաւոր Սուք Սըրսոք շուկային մէջ շրջան մը կը ծառայէ Դանիէլեան եւ Անթիքաճեան հաստատութիւններուն, ապա ան կը հիմնէ իր անձնական վաճառատունը։

Եղբ. Կրէկուարի գործի փայլուն ասպարէզին առընթեր, Հ.Մ.Ը.Մ.ականի անոր կեանքն է, որ առաւելաբար կը ճառագայթէ իր անձին եւ շրջանակին մէջ։ Փոքր տարիքէն գայլիկ, ապա՝ սկաուտ, շուտով իր մօտ ի յայտ կու գան ծառայասիրութեան ոգիով օժտուած ղեկավարի մը կարողութիւնները։ Սկիզբը ակումբի, դաշտի եւ ընկերային յանձնախումբերու մէջ գործելէ ետք, 1951-ին եղբ. Կրէկուար առաջին անգամ ըլլալով կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչական՝ գոյքապահի պաշտօնով։ Այնուհետեւ, շարունակաբար քսան տարի ան մաս կը կազմէ մասնաճիւղին յաջորդական վարչական կազմերուն, գրեթէ մնայուն կերպով վարելով փոխ ատենապետի պաշտօն։

Միութենական ներքին ծառայութիւններէն բացի, եղբ. Կրէկուար երկար տարիներ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը ներկայացնէ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մէջ։ Շրջան մը ան կը ստանձնէ նաեւ անոր նախագահութիւնը։

Վարչական ծառայութիւններու երկարամեայ շրջանին, միջ-միութենական դժուարին կացութիւններու, դաշտերու հարցերու պարագային, ոստիկանութեան հետ լեզու գտնելու միակ բանալին կը մնար եղբ. Կրէկուար։ Միջ-միութենական, յատկապէս ֆութպոլի, միացեալ գործառնութեանց ճամբով ծագած հարցերը կը լուծուին իր վերջնական վճիռով։ Իր արդարադատ ու հեղինակաւոր վճիռը, առինքնող ժպիտով ու համեմուած բառերով հրամցուած՝ կ՚արժանանայ բոլորին հաւանութեան։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը, 1995-ին, գնահատելով եղբօր երկարամեայ ծառայութիւնները՝ զայն կը պարգեւատրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։

Եղբ. Կրէկուար կը մահանայ 31 Օգոստոս 1998-ին։

Տարածենք