ՀԱՄԱԶԱՍՊ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

ՀԱՄԱԶԱՍՊ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

ՀԱՄԱԶԱՍՊ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Մեծութիւններու ժամանակէն մեծ մը, որ իր իւրայատուկ դերն ու տեղը ունի ո՛չ միայն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի, այլեւ՝ Սուրիոյ ֆութպոլի պատմութեան փառաւոր էջերու կերտման մէջ։

Եղբ. Համազասպ Արզումանեան, կամ ինչպէս ժողովուրդը կը սիրէր զինք կոչել Համոն, ծնած է 1922-ին, Հալէպ, արաբկիրցի ծնողքէ։ Նախնական ուսումը ստացած է Ազգային Հայկազեան վարժարանին մէջ։ Ջարդի ու գաղթի դառնութիւնները ճաշակած ծնողքի մը զաւակը ըլլալով՝ չէ կարողացած ուսումը շարունակել։ Չորրորդ դասարանէն ետք նետուած է գործի ասպարէզ։

Սակայն Համոյին առջեւ բացուած է ուրիշ դպրոց մը, որ եկած է փոխարինելու կրթական օճախը, ամբողջացնելու իր կազմաւորումը եւ իրմէ կերտելու տիպար հայ մարդն ու մարզիկը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դռները բացուած են իր առջեւ եւ պատանի Համոն դարձած է սկաուտ եւ մաս կազմած է սկաուտական պատուոյ առաջին խումբին, որ այդ շրջանին եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի դարբնոցը։

Իր սքանչելի խաղարկութեան համար, Համոն շուտով կը փոխանցուի ֆութպոլի Ա. խումբի շարքեր։ 1939-էն սկսեալ, 15 տարի շարունակ, ան սիրայօժար եւ անշահախնդիր կերպով կը կրէ իր այնքան սիրած միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շապիկը, խմբակիցներ ունենալով Ստեփան Մելիքսէթեանը, Ճեմիլ Քահքէճեանը, Մանուէլ Գաթըրճեանը, Վազգէն եւ Արսէն Տէր Ղուկասեանները, Մանուկ Յովհաննէսեանը («Մուխը մարէ» Մանուկը), Յակոբ Աֆարեանը, Գէորգ Կրպոյեանը («Ղասսապը»), Լեւոն Սարգիսեանը, Երուանդ Յովհաննէսեանը, Ալեքսան Փիլաւճեանը եւ ուրիշներ։

Բնաւորութեամբ շատ համեստ եւ պարկեշտ Համոն տարբեր էր կանաչ դաշտերուն վրայ։ Վճռական ու կարծր խաղացող էր ան։ Համոյին ձախ ոտքը դարձած էր առասպել մը, որ ահ ու սարսափի կը մատնէր մրցակից խումբերու բերդապահները։

1952-ին, Համոն կը նշանակուի խումբի խմբապետ։ Ան մաս կը կազմէ նաեւ Հալէպի խառն եւ Սուրիոյ ազգային խումբերուն։ Այլեւս միջազգային ֆութպոլիստ է ան եւ այս հանգամանքով բազմաթիւ մրցումներ կը կատարէ արաբական եւ եւրոպական շարք մը երկիրներու մէջ (Եգիպտոս, Պաղեստին, Լիբանան, Թուրքիա, Յունաստան…), ցուցաբերելով գեղեցիկ խաղարկութիւն եւ մանաւա՛նդ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկի վսեմ ոգի։ Ուր որ կ’երթայ, հայ անունը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը տանի իր հետ։

1956-ին, Հունգարիոյ խումբը երբ Հալէպ կ’այցելէ, բոլոր ժամանակներու մեծագոյն ֆութպոլիստներէն Փուշքաշ կը հիանայ Համոյի խաղարկութեան եւ կ’ըսէ. «Այս տղան սքանչելի ձախ ծայր մը կրնայ ըլլալ եւրոպական խումբերու մէջ»։

Համոն տարբեր մարզախաղերու մէջ ալ նշանաւոր եղած է։ 1945-1947 ան կը տիրանայ փինկ-փոնկի Հալէպի ախոյեանութեան։ Կ’ըլլայ փայլուն աթլէթ եւ գունտ նետելու եւ մէկ քայլ ոստումի մրցումներուն կը շահի բազմաթիւ մետալներ։ 1944-ին, ան կը խլէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-մասնաճիւղային խաղերու մէկ քայլ ոստումի առաջնութիւնը։

Իր անսակարկ ծառայութիւններուն եւ նուիրումին համար, 1988-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 70-ամեակին, Համոն կ’արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան «Ծառայութեան» շքանշանին։

Եղբ. Համազասպ Արզումանեան կեանքէն կը հեռանայ 24 Յուլիս 2003-ին, լուռ եւ անշուք պայմաններու մէջ։

Տարածենք