ՀՐԱՉ ՏԷՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

ՀՐԱՉ ՏԷՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

ՀՐԱՉ ՏԷՐ ՍԱՐԳԻՍԵԱՆ

Եղբ. Հրաչ Տէր Սարգիսեան ծնած է 10 Սեպտեմբեր 1941-ին, Գահիրէ։ Դեռ մանուկ, ընտանիքին հետ կը հաստատուի Աղեքսանդրիա, ուր նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Մխիթարեան եւ Ազգային Պօղոսեան Վարժարանները, երկրորդական ուսումը աւարտելով 1956-ին։

Փոքր տարիքէն ան կ’անդամակցի Աղեքսանդրիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք»ին, իբրեւ գայլիկ, պասքեթպոլիստ եւ աթլէթ։

Դպրոցական շրջանին, իբրեւ յառաջադէմ եւ ուշիմ աշակերտ, իրեն կը շնորհուի «Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնադրամ»ի կրթաթոշակը։ 1960-ին, ան արուեստից Պաքալորէայի վկայականով կը վկայուի Օքսֆորտի համալսարանէն։

1960-1964 եղբ. Հրաչ կը յաճախէ Փորթուգալի Լիզպոն մայրաքաղաքի մարմնակրթական մեծագոյն հիմնարկը, զոր կ’աւարտէ բացառիկ յաջողութեամբ։

1973-ին, եղբ. Հրաչ կը պսակուի Փիէրէթ Սէն Ժանի հետ եւ կը բախտաւորուի երկու զաւակով՝ Գարէն եւ Շանթ։

1976-ին, եղբ. Հրաչ Մագիստրոսի աստիճանով կը վկայուի Մոնթրէալի Մըքկիլ համալսարանէն, յաջողութեամբ ներկայացնելով իր թեզը՝ «Մարմնակրթանքի վարք ու բարքի հոգեբանութիւնը» նիւթով։
1964-ին, Գանատա հաստատուելէն ետք, աւելի քան 40 տարիներ, իբրեւ մարմնակրթանքի ուսուցիչ, խորհրդատու եւ տնօրէն, եղբ. Հրաչ կը պաշտօնավարէ Մոնթրէալի կրթական զանազան հաստատութիւններուն մէջ։ Ան կ’ըլլայ հիմնադիրը եւ առաջին ատենապետը Մեծն Մոնթրէալի օտար վարժարաններու մարմնակրթական կառոյցին։ Ան կ’ըլլայ նաեւ հիմնադիրը եւ մտայղացողը միջ-վարժարանային քրոս քաունթրիի մրցաշարքին, որ կը նկատուի Գանատայի տարածքին մարզական մեծագոյն համախմբումը, աւելի քան 16 հազար մասնակիցներով։

Եղբ. Հրաչ կը հանդիսանայ կազմակերպիչ եւ մղիչ ուժը 1976-ին, Մոնթրէալի մէջ տեղի ունեցած միջ-դպրոցական ողիմպիական խաղերուն։ Կը նշանակուի ընդհանուր պատասխանատու Քէպէք նահանգի եւ Գանատայի շրջանային մարզախաղերուն։

1989-ին, եղբ. Հրաչ տարուան «Գերազանց տնօրէն»ի տիտղոսով կը պարգեւատրուի Գոնգորտիա ֆութպոլի շրջանային միութեան կողմէ (Association Regional de Soccer Concordia)։

1964-էն մինչեւ մահը եղբ. Հրաչ գործօն անդամ կ’ըլլայ Մոնթրէալի կաթողիկէ վարժարաններու յանձնաժողովին, իբրեւ մարմնակրթանքի հմուտ մասնագէտ։

Ան հիմնադիրը կը հանդիսանայ Մոնթրէալի եւ շրջակայքի դպրոցական մարմնակրթական շարժումի շարք մը ընկերակցութիւններու։

1997-2009, իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչ, եղբ. Հրաչ մաս կը կազմէ Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէին։ 2009-էն ետք ան կ’անդամակցի Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին։
Առ ի գնահատանք միութենական իր երկարամեայ ծառայութեան, 1989-ին եղբ. Հրաչ կ’արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանին, իսկ 2012-ին՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան «Արժանեաց» շքանշանին։

Եղբ. Հրաչ կը գնահատուի նաեւ այլապէս.-
- 2000-ին, անոր կը շնորհուի Հայաստանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնի «Պատուոյ անդամ»ի տիտղոս։
- 2005-ին, ան կ’արժանանայ Գանատայի Հայոց Թեմի Ազգային Առաջնորդարանի «Անանիա Շիրակացի» կրթական-մշակութային շքանշանին։
- 2007-ին, ան կ’արժանանայ Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէի պատուոյ յատուկ շքանշանին։
- 2010-ին, ան կը մեծարուի Մեծն Մոնթրէալի մարզական ատեանին կողմէ, մարմնակրթութեան եւ մարզական գիտութեան բնագաւառներուն իր ունեցած 40 տարուան վաստակին համար եւ կը հռչակուի «Տարուան մարդը»։
- 2011-ին, ան կը տիրանայ Քէպէք նահանգի եւ Մեծն Մոնթրէալի «Տարուան վարչականը» տիտղոսին։
- Դեկտեմբեր 2011-ին, առ ի գնահատանք Համահայկական Խաղերու Համաշխարհային Կոմիտէին իր մատուցած ծառայութիւններուն, Հայաստանի իշխանութիւններուն կողմէ ան կ’արժանանայ Հայաստանի քաղաքացիութեան անցագիրի։

Եղբ. Հրաչ երկար տարիներ կը մարզէ Հ.Մ.Ը.Մ.-«Կամք»ի աղջկանց եւ տղոց պասքեթպոլի եւ աթլեթիզմի խումբերը։ 1980-1982 եւ 1999-2000 ան կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի Շրջանային Վարչութեան անդամ, իսկ 1999-2007, երկու քառամեակ, ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան եւ մեծ աշխատանք կը տանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Քէմպրիճի մասնաճիւղի վերակազմաւորման եւ վերաշխուժացման համար։ Միաժամանակ, կը նպաստէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գանատայի շրջանին Գանատայի Ողիմպիական Կոմիտէին անդամակցութեան։

Ան իր կարեւոր աջակցութիւնը կը բերէ համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Զ. եւ Է. մարզախաղերուն, 2001-ին՝ Պէյրութ եւ 2005-ին՝ Աթէնք։ Պարբերաբար կ’աշխատակցի միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին։
Մեծ կ’ըլլայ եղբ. Հրաչին ներդրումը համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Դ. մարզախաղերու (Յուլիս 1993) եւ Գանատայի շրջանի 48-րդ մարզախաղերու (Սեպտեմբեր 2018) կազմակերպման մէջ։

Անողոք հիւանդութեան դէմ կարճատեւ պայքարէ մը ետք, եղբ. Հրաչ Տէր Սարգիսեան կը մահանայ 29 Դեկտեմբեր 2018-ին։

Տարածենք