ՃՈՆԻ ԱՐԵՒԵԱՆ
ՃՈՆԻ ԱՐԵՒԵԱՆ
Եղբ. Ճոնի Արեւեան ծնած է Բեթղեհեմ, 1943-ին: Պաղեստինեան պատերազմին պատճառով, փոքր հասակին, ծնողքին հետ կը փոխադրուի Հալէպ, իսկ տասը տարի ետք կը հաստատուի Պէյրութ:
Նախնական եւ միջնակարգ կրթութիւնը կը ստանայ Հալէպի Մխիթարեան վարժարանը, որմէ ետք երկրորդական ուսումը կը շարունակէ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Քոլէճը: Աւարտելէ ետք, ան կը տիրանայ հաշուապահութեան համալսարանական վկայականի:
Եղբ. Ճոնի փոքր տարիքէն կը միանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի սկաուտական շարքերուն, իբրեւ գայլիկ եւ սկաուտ։
Լիբանան հաստատուելէ ետք, ան իր սկաուտական գործունէութիւնը կը շարունակէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղին մէջ, իբրեւ Արի, ապա կը հասնի խմբապետի աստիճանին։ Երկար տարիներ ան մաս կը կազմէ Պէյրութի մասնաճիւղի Սկաուտական Խորհուրդին։ Մաս կը կազմէ վարչութեան եւ տարիներ շարունակ կը վարէ մասնաճիւղին ատենապետութիւնը։
Եղբ. Ճոնի եղած է նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Խմբապետ, ապա՝ Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի անդամ։ 1990-ին, ան առաջին անգամ կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ եւ կը նշանակուի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդի ներկայացուցիչ։ 2000-2004 ան կը վարէ Շրջանային Վարչութեան ատենապետութիւնը։
Եղբ. Ճոնի կը մասնակցի Լիբանանի ներկայացուցչական բազմաթիւ ժողովներու եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 10-րդ Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, Հայաստան։
Իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցիչ, եղբ. Ճոնի երկար տարիներ մաս կազմած է Լիբանանի սկուտական ֆետերասիոնին, ստանձնելով գանձապահի եւ հաշուապահի պաշտօններ։ Ան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական առաջին սկաուտը, որ ստացած է Wood Bedge։ Եղբ. Ճոնի Հ.Մ.Ը.Մ.ը ներկայացուցած է նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին մօտ։
Իր երկարամեայ վաստակին առ ի գնահատանք, 2008-ին, ան արժանացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանին։
Նուիրեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը ըլլալու կողքին, եղբ. Ճոնի հաւատաւոր Դաշնակցական մըն էր։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի դժնդակ տարիներուն, ան երկար ատեն կը ստանձնէ Պէյրութի Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր» կոմիտէութեան ներկայացուցիչի պաշտօնը։ 1970-2002, 32 տարի շարունակ ան կը վարէ հայկական երեսփոխանական գրասենեակի գործավարութիւնը։
Պսակուած էր Մարի Պագալեանի հետ եւ բախտաւորուած երեք զաւակով.- Անի, Ժիրայր եւ Արմէն։
Եղբ. Ճոնի կը մահանայ 24 Յուլիս 2017-ին։