ՃՈՐՃ ՏԱՔԷՍԵԱՆ

ՃՈՐՃ ՏԱՔԷՍԵԱՆ

ՃՈՐՃ ՏԱՔԷՍԵԱՆ

Եղբ. Ճորճ Տաքէսեան ծնած է Երուսաղէմ, 1927-ին։ Յաճախած է տեղւոյն Հայ Աւետարանականներու վարժարանը, ապա՝ Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանը, զոր աւարտած է 1940-ին։

Փոքր տարիքին կ՚անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն, ուր կը հասնի խմբապետի աստիճանին։ Կ՚ըլլայ մարզիկ ու կը մասնակցի Պաղեստինի միջ-մասնաճիւղային խաղերուն (1945-1947), 100 եւ 1500 մեթր վազքերու մրցումներուն։ Իբրեւ պասքեթպոլի մարզիկ կը մասնակցի 1945-ի Սուրիոյ, Լիբանանի եւ Պաղեստինի միջ-մասնաճիւղային խաղերուն՝ Հալէպի մէջ։

Կը մտնէ Երուսաղէմի Հ.Յ.Դաշնակցութեան շարքերը, նախ իբրեւ պատանի, ապա կ՚անդամակցի պատասխանատու մարմիններու, մինչեւ 1965։

Քաղաքական դէպքերու պատճառով 1948-ին ան կը հաստատուի Ամման, ուր կը շարունակէ միութենական եւ կուսակցական իր գործունէութիւնը։

Եղբ. Տաքէսեան կ՚ընտրուի Ամմանի մասնաճիւղի հայաշատ թաղամասի Եկեղեցիին եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ 1953-ին եւ կը վարէ վարչութեան գանձապահի, հաշուապահի եւ ատենադպիրի պաշտօնները։ Կ՚ընտրուի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ՝ 1965-1980 եւ 1983-1987։

Ամմանի մասնաճիւղի անդամական ընդհանուր ժողովը կ՚որոշէ ունենալ իր սեփական ակումբը Ամմանի վարժարանին կից։ Շնորհիւ եղբ. Տաքէսեանի եւ անոր նման գիտակից եղբայրներու նուիրումին եւ զոհողութիւններուն, Ամմանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Հ.Օ.Մ.ի մասնաճիւղերը կ՚ունենան իրենց սեփական տունը, որուն բացումը կը կատարուի 31 Մայիս 1967-ին։

Եղբ. Տաքեսեան եղած է Յորդանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի անդամ, իբրեւ գանձապահ եւ ապա՝ ատենապետ։

Ան կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա. Բ. եւ Գ. Պատգամաւորական ընդհանուր ժողովներուն իբրեւ լիազօր պատգամաւոր։ Կեդրոնական Վարչութիւնը զինք կը հրաւիրէ նաեւ Դ. Պատգամաւորական Ժողովին մասնակցելու՝ խորհրդակցական ձայնով։

Կ՚անդամակցի Ամմանի Ազգային Խորհուրդին իբրեւ ատենապետ՝ 1969-1973։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատելով եղբ. Տաքէսեանի բազմամեայ ազգային եւ միութենական օգտաշատ գործունէութիւնը, 24 Նոյեմբեր 1988-էն զինք կը պարգեւատրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանով։

Եղբ. Ճորճ կը մահանայ 15 Դեկտեմբեր 2014-ին, Ամմանի մէջ, Յորդանան։

Տարածենք