ՄԱՆՈՒԷԼ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

ՄԱՆՈՒԷԼ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

ՄԱՆՈՒԷԼ ՀԱԼԼԱՃԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ շրջանի պատմական տարիները կերտած դէմքերէն եղբ. Մանուէլ Հալլաճեան կը պատկանի սերունդին այն տղոց, որոնք գաղափարի կիրքով ու նուիրումով, անսահման ծառայութեամբ եւ անշահախնդրութեամբ իրենց անուրանալի ներդրումը ունեցած են Հ.Մ.Ը.Մ.ի ճամբով իրենց գաղութներու ազգային առողջ ու հպարտ դիմագիծին կերտման։ Իր սերնդակիցներուն նման, եղբ. Մանուէլ յոգնութիւն չէ ճանչցած եւ Հալէպի մասնաճիւղի վարչութեան անդամակցութենէն մինչեւ Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան եւ ապա՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամակցութիւն, ան մնացած է տէրն ու պահապանը միութենական անշեղելի սկզբունքներու եւ ազգային-բարոյական աւանդական արժէքներու։

Եղբ. Մանուէլ Հալլաճեան ծնած է 1929-ին, Հալէպ։ Իբրեւ սկաուտ, ան Հ.Մ.Ը.Մ.ին անդամակցած է 1944-ին։ Երկար տարիներ ան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի մասնաճիւղի վարչական։ 1958-ին ընտրուած է Սուրիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնի անդամ եւ 14 տարի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ներկայացուցչութիւնը կատարած է ֆետերասիոնին մօտ։ Ան կարեւոր դեր ունեցած է «Արամ Մանուկեան» Ժողովրդային Տան հողաշերտին գնման եւ Քեսապի Հ.Մ.Ը.Մ.ի բանակավայրի կալուածագիրի ապահովման մէջ։

1990-1995 եղբ. Մանուէլ Հալլաճեան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան անդամ, 1992-էն ետք՝ ատենապետի պաշտօնով։ 1995-2003, երկու շրջան ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, գործակիցներ ունենալով տոքթ. Միսաք Արզումանեանը, Միհրան Շիմշիրեանը, Կարօ Թիւթիւնճեանը, Պատրիկ Կիւլպէնկեանը եւ ուրիշներ։

Միութենական իր երկարատեւ ծառայութիւններուն համար, եղբ. Մանուէլ Հալլաճեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կողմէ գնահատուած է «Ծառայութեան» շքանշանով։ 2000-էն ետք ան հաստատուած է Թորոնթօ։

19 Սեպտեմբեր 2007-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Թ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովի պաշտօնական բացման հանդիսութեան, Հայաստան, եղբ. Մանուէլ Հալլաճեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի օրուան Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով արժանացած է միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին։

92 տարեկան հասակին, եղբ. Մանուէլ Հալլաճեան իր մահկանացուն կնքեց 30 Սեպտեմբեր 2021-ին, Թորոնթօ, Գանատա։

Տարածենք