ՄԻՀՐԱՆ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆ

ՄԻՀՐԱՆ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆ

ՄԻՀՐԱՆ ՇԻՄՇԻՐԵԱՆ

Եղբ. Միհրան Շիմշիրեան ծնած է 1942-ին, Պէյրութ։ Փոքր տարիքին ընտանիքին հետ փոխադրուած է Դամասկոս, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ին անդամակցած է 1947-ին, իբրեւ գայլիկ։ 1963-1965 եղած է Դամասկոսի մասնաճիւղի վարչական։ 1965-էն սկսեալ ան մասնակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի գրեթէ բոլոր Շրջանային Ժողովներուն։ 1961-ին եւ 1963-ին մասնակցած է Աւստրիոյ եւ Յունաստանի մէջ տեղի ունեցած սկաուտական միջազգային ճամպորիներու։ 1965-ին վերադարձած է Պէյրութ եւ, այնուհետեւ, մինչեւ 1974 Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի սկաուտական շարքերուն ծառայած է իբրեւ Աքելլայ, Շրջանային Աքելլայ, Շրջանային Սկաուտ. Խմբապետ եւ Շրջանային Ընդհանուր խմբապետ։

1973-1992 եւ 1995-2002, 26 տարի շարունակ եղբ. Շիմշիրեան մաս կազմած է Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին եւ Լիբանանը ներկայացուցած է արաբական ու միջազգային բազմաթիւ համագումարներու՝ Լիպիա, Օման, Անգլիա, Սենեկալ, Մ. Նահանգներ։

Միաժամանակ, 1974-1976 ան մաս կազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, իսկ 1983-1999 եւ 2007-2014 վեց Կեդրոնական Վարչութիւններու։ Այս միջոցին, միութենական առաքելութեամբ ան գտնուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմակերպական գրեթէ բոլոր շրջանները։ Հայաստանի անկախացումէն ետք, սկաուտական միջազգային իր ծանօթութիւններուն բերումով ան կարեւոր դեր ունեցած է Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ա.Ս.Կ.ի միջազգային սկաուտական շարժումի անդամակցութեան նախաքայլերուն մէջ։

2001-ին եղբ. Շիմշիրեան արժանացած է Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի բարձրագոյն շքանշանին։ 2006-ին պարգեւատրուած է լիբանանեան պետութեան երիտասարդութեան եւ մարմնամարզի նախարարութեան կողմէ։ Տարի մը ետք, ան արժանացած է միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին։

Եղբ. Շիմշիրեան կը մահանայ 16 Փետրուար 2014-ին։

Տարածենք