ՄԻՆԱՍ ԱՐԶՈՒՄԱԼԵԱՆ

ՄԻՆԱՍ ԱՐԶՈՒՄԱԼԵԱՆ

ՄԻՆԱՍ ԱՐԶՈՒՄԱԼԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ական պասքեթպոլի երախտաշատ դէմքերէն է եղբ. Մինաս Արզումալեանը, ծանօթ՝ եղբ. Մինօ անունով։ 1970-ական եւ 1980-ական տարիներուն ո՞վ չէ տեսած զինք Պուրճ Համուտի Ազգ. Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլէճի պասքեթպոլի դաշտին վրայ՝ երկսեռ խումբերու մարզումի պահուն։

Եղբ. Մինօ ծնած է 1936-ին։ Փոքր տարիքէն ան պասքէթ կը խաղայ Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասի Հ.Յ.Դ. «Քրիստափոր» Պատանեկան Միութեան խումբէն։ 1954-ին, իր մօտ փայլուն պասքեթպոլիստի շնորհները տեսնելով՝ բարեկամ մը զինք կ’առաջնորդէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբին անդամակցութեան։

Այնուհետեւ, 1954-էն մինչեւ 1990-ականներու կէսերը, եղբ. Մինօ պատուով կը կրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շապիկը, նախ իբրեւ մարզիկ (1954-1964), ու ապա՝ իբրեւ մարզիչ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի պասքեթպոլի երկսեռ խումբերուն։ Միաժամանակ, ան կը մարզէ լիբանանահայ ազգային վարժարաններու ԼԵՎԱՄ-ի պասքեթպոլի կազմերը։

Եղբ. Մինօ 1956-1960 մաս կը կազմէ Լիբանանի պասքեթպոլի ազգային խումբին, որուն հետ ան միջազգային մրցումներ կը կատարէ Լիբանանի, Իրլանտայի, Թուրքիոյ, Սուրիոյ եւ Ֆրանսայի մէջ։ 1964-ին, իբրեւ մարզիկ պասքեթպոլը լքելէ ետք, եղբ. Մինօ կը նուիրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ական ապագայ պասքեթպոլիստներ պատրաստելու կարեւոր գործին։ Իր մարզած բազմահարիւր մարզիկներէն յատկապէս աչքի կը զարնեն եղբայրներ Խաժակ Պաղտատլեան, Յովսէփ Լոշխաճեան եւ Ժագ Նալպանտեան։

Եղբ. Մինօ ծանօթ էր յոգնութիւն չճանչցողի իր բնաւորութեամբ։ Խստապահանջ էր մարզումներու ընթացքին, բայց նաեւ ընկերային ու զուարթախոհ էր մարզումներէ դուրս։ Բարեկամն էր մեծին ու փոքրին, փնտռուած մարզիչը մարզիկին, սկաուտին եւ աշակերտին։

Հ.Մ.Ը.Մ.ական պասքեթպոլին կամաւոր ծառայութեան աւելի քան 40 տարուան վաստակ մը ձգած իր ետին, եղբ. Մինօ ուղեղային կաթուածով մը կը մահանայ 15 Փետրուար 1999-ին։

Տարածենք