ՄՈՒՇԵՂ ՍՆՏՐԵԱՆ

ՄՈՒՇԵՂ ՍՆՏՐԵԱՆ

ՄՈՒՇԵՂ ՍՆՏՐԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի մարզական կեանքը շատ բան կը պարտի հաւատաւոր միութենական, «անծանօթ զինուոր» եղբ. Մուշեղ Սնտրեանին, որ աւելի քան քառորդ դար՝ 1960-1985, իր շուրջ հաւաքեց Պէյրութի Մար Մըխայէլ, Քարանթինա եւ Էշրէֆիէ թաղամասերու տղաքն ու աղջիկները, պասքեթպոլի, ֆութպոլի եւ աթլեթիզմի խումբեր կազմեց անոնցմէ եւ լիբանանեան դաշտերու վրայ պատուաբեր արդիւնքներ արձանագրեց՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի հովանաւորութեամբ։

Եղբ. Մուշեղ Սնտրեանի անունը առաւելաբար կապուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ. Շանթ անունին, որուն հիմնադիրը, մարզիչն ու գլխաւոր պատասխանատուն եղաւ ան։

Եղբ. Մուշեղ Սնտրեան ծնած է 1916-ին, տարագրութեան անծանօթ ճամբուն վրայ, անապատին մէկ անկիւնը։ Ան եղած է Սեբաստիոյ Տիվրիկ քաղաքի Օտուր գիւղի շինական մէկ ընտանիքին զաւակը։ Հայրենակիցը ֆետայի Վարդան Շահպազին։ Մօրեղբայրներն ալ եղած են ֆետայիներ։

Աքսորի եւ տարագրութեան օրերուն, Մուշեղ մօրը հետ քալելով հասած է Արաբկիր, ուր քանի մը տարի մնալէ ետք, 1926-ին ան հաստատուած է Պէյրութ եւ բնակած է վրանաքաղաքի անշուք մէկ խրճիթին մէջ։ Մայրը պարտէզները աշխատած է, իսկ ինք՝ կօշիկ ներկելով զբաղած է։

Դեռ պատանի, մօրը ջանքերով ան մաս կազմած է Հ.Յ.Դ. Պատանեկան Միութեան շարքերուն։ Կարճ ատեն մը յաճախած է դպրոց, ուր… կազմած է Մուրատ անունով ֆութպոլի խումբ մը։ Ապա, գործունէութիւնը ծաւալելով, ան 60 աշակերտներէ կազմած է դաշնակցական խումբեր։ Մաս կազմած է Հ.Յ.Դ. Պէյրութի Պատանեկան Միութեան եւ քաղաքի Ժողովրդային Տան մէջ ճանչցած է Հայր Աբրահամը, Լեւոն Շանթը, Նիկոլ Աղբալեանը, Կոմսը, Արշակ Յովհաննէսեանը, Վարդան Շահպազը, Արամ Սահակեանը եւ մեծանուն այլ դէմքեր։ 1934-ին ան փոխանցուած է Հ.Յ.Դ. շարքեր։

1960-ին, եղբ. Մուշեղ գաղափարը կը յղանայ մարզական երկսեռ խումբերու կազմութեան։ Ան հայկական վարժարաններէ եւ Պատանեկան Միութիւններէ խոստմնալից մարզիկ-մարզիկուհիներ հաւաքելով կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ. Շանթի (Լեւոն Շանթի յիշատակին) պասքեթպոլի տղոց ու աղջկանց, աթլեթիզմի եւ ֆութպոլի տղոց խումբերը։ Հոգատար մարզիչի եւ խստապահանջ պատասխանատուի իր հետեւողական ճիգերով, Հ.Մ.Ը.Մ. Շանթէն Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբ կը հասնին Կիրակոս Գալայճեանի, Սարգիս Ազնաւորեանի, Մանուէլ Ալթունեանի, Յակոբ Գալֆայեանի, Վահէ Մինասեանի, Յարութիւն Մարկարոսեանի նման խաղացողներ։ Պասքեթպոլի պարագային, եղբ. Մուշեղ կը յայտնագործէ Ալէքօ Պէզիկեանը, Նշան Համամճեանը, Եսայի Եսայեանը, Համբիկ Միսաքեանը, Մանուշակ Գասապեանը, Եսթեր մեծմօրուքեանը, Սեդա Պէքէրէճեանը, Անի Նաճարեանը, Կասիկ Սարգիսեան-Խաչերեանը, Կասիկ Պոսնոյեան-Մահսէրէճեանը եւ ուրիշներ։

Այսպէս, 1960-1987, մինչեւ եղբ. Մուշեղի հանգստեան կոչուիլը, Հ.Մ.Ը.Մ. Շանթի խումբերը ելոյթներ կ’ունենան լիբանանեան 80 մարզադաշտերու վրայ եւ կը շահին 114 բաժակներ։

Իր կեանքի վերջին տարիներուն, յառաջացեալ տարիքին բերումով, եղբ. Մուշեղ կը հեռանայ մարզադաշտերէն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ծառայութեան անհուն գոհունակութիւնը սրտին, առանձին եւ դժբախտ պայմաններու մէջ ան կ’անցընէ խոր ծերութեան վերջին օրերը։ 1987-ին ան կը հրատարակէ «Աքսորի արեան ճանապարհէն դէպի Հ.Մ.Ը.Մ. Շանթ» պատկերազարդ գիրքը, որ կը ներկայացնէ իր կեանքն ու Հ.Մ.Ը.Մ.ական գործունէութիւնը։

Եղբ. Մուշեղ Սնտրեան կը մահանայ 1 Մարտ 1996-ին։

Տարածենք