ՅԱԿՈԲ ԳԱՏԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ԳԱՏԵԱՆ
Կարելի չէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական պասքէթին մասին խօսիլ առանց եղբ. Յակոբ Գատեանին մասին խօսելու։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքէթը գրեթէ Գատեանով կը սկսի, աւելի ճիշդը՝ Գատեանով պասքէթը կ՚արմատանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ին մէջ, երբ 1942-1943 տարիներուն, Հայ Ճեմարանի «Կամք» անունով պասքէթի խումբը ան միաձուլէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբին հետ եւ կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքէթի տինամիք խումբը։
Եղբ. Յակոբ Գատեան կը ծնի 1914-ին։
Տարագրութեան անլուր տառապանքները ցմրուր ճաշակած եւ մազապուրծ ազատած, բոլոր վերապրողներու նման. հօրմէ կանուխէն որբացած, որբանոցային կեանքի դառնութիւնը ճաշակած. մօրը տքնաջան աշխատանքով ան կը յաճախէ Պէյրութի Հայ Աւետարանական Վարժարան, ուրկէ շրջանաւարտ՝ երկու տարի կը հետեւի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի երկրաչափական բաժինի դասընթացքներուն, ապա նիւթական պայմաններու պարտադրանքով ուսումը կը լքէ եւ կը նետուի կեանքի ասպարէզ։
1929-ին ան կ՚անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ին։ Բայց նախքան ամբողջապէս իր սիրած միութեան նուիրիլը եղբ. Գատեան կ՚ունենայ մարզական բեղուն ասպարէզ մը։ Համալսարանական կեանքին ընթացքին եւ աւելի վերջ ան կ՚ըլլայ աթլէթ եւ լուղորդ։
Տարիներ Լիբանանի երկար վազքերու (1,500, 3,000, 5,000 եւ 10,000 մ.) ախոյեան։ Քրոս Քաունթրիի Լիբանանի ախոյեան՝ երկու տարի։ Լուղի մարզին մէջ սուզումի (փլոնժոն) ախոյեան՝ 1930-1937 տարիներուն. 5 տարի մարզիչ 1940-ական թուականներուն համբաւ ունեցող պասքէթի Պ.Տ.Տ. խումբին։
Եղբ. Գատեան իր յարատեւ եւ հետեւողական աշխատանքով կ՚երաշխաւորէ նախաձեռնութեան մը յաջողութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքեթպոլը կը հասցնէ գագաթներու, փառքի երկար շրջան մը ապահովելով միութեան։ Իր մարզիչութեան տարիներուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ին տղոց խումբէն հանրածանօթ կը դառնան Լեւոնիկ, Վարդգէս, Ալէն, Պետրոս, Ժան, Գարլոս, Համբօ, Մինօ, Յակոբ, Կարօ, Վահէ, Վարդգէս, Կարօ, Արա, Հրայր, Ռաֆֆի, Հրայր, Շէմի, Ժագ եւ ուրիշներ։ Ասոնք գրեթէ, առանց բառացութեան, մաս կը կազմեն Լիբանանի ազգային խումբերուն։
Աղջկանց խումբէն հանրածանօթ կը դառնան Մարի, Անահիտ, Շաքէ, Էլօ, Զարուկ, Էլօ, Աստղիկ, Սրբուկ, Սելլա, Ֆլորա, Յասմիկ, Հուրի, Արմինէ եւ շարք մը այլ անուններ։
Այսպէս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքէթին վրայ «Քոչ» Գատեան անհատական իր անջնջելի անհատական դրոշմը կը դնէ. չմոռցուող եւ յաջորդող սերունդներուն ուղեցոյց եղող դրոշմ մը։ Անոր մեծութիւնը կ՚արտայայտուի մարդ-մարզիկ պատրաստելու գերազանցօրէն գնահատելի առաջադրանքին մէջ։