ՅԱԿՈԲ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
ՅԱԿՈԲ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Երկարամեայ ծառայութեամբ, հաւատաւոր ու խոնարհ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մըն է եղբ. Յակոբ Համամճեան, որ իր կարեւոր ներդրումը ունեցած է միութեան վերելքին ու ծաղկումին:
Եղբ. Յակոբ Համամճեան ծնած է 1932-ին, Հայաշէն, Լիբանան։ Նախնական ուսումը Սէն Կրէկուար Ճեմարանին մէջ ստանալէ ետք, ան կը նետուի կեանքի ասպարէզ` ոսկերչութեան, եւ կարճ ժամանակի մէջ, ինքնաշխատութեամբ կը տիրանայ արհեստի բոլոր գաղտնիքներուն՝ արհեստը վերածելով արուեստի ու դառնալով փնտռուած ոսկերիչ մը:
Եղբ. Յակոբ Համամճեան 40 տարիներ վարած է Լիբանանի ոսկերիչներու սենտիքայի ատենապետի պաշտօնը։ 2004-ին, ան «Վարպետ» կոչումը ստացած է Հայ Ոսկերիչներու Միութեան կողմէ: Օրին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսները իրեն վստահած են կաթողիկոսութեան յուշանուէրներն ու շքանշանները պատրաստելու աշխատանքը:
Եղբ. Յակոբ Համամճեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ ունեցած է բեղուն գործունէութիւն: Փոքր տարիքէն ան մաս կազմած է միութեան սկաուտական շարքերուն` ըլլալով գայլիկ, արի եւ երէց: Սկաուտութեան մէջ իր արձանագրած փայլուն գործունէութեան շնորհիւ, ան կը նշանակուի նախ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի եւ ապա՝ Շրջանային մակարդակով խմբապետ:
Մարզական կեանքն ու սկաուտութիւնը իր անբաժան առօրեան ըլլալով, եղբ. Համամճեան 1960-ական տարիներուն մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աթլէթի խումբին` մասնակցելով միջ-մասնաճիւղային խաղերու: Ան հիմնադիր անդամ կը հանդիսանայ «Սիփան» դահուկարշաւի միութեան:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ իբրեւ սկաուտ եւ մարզիկ գործելէ ետք, եղբ. Համամճեան 1962-ին կը լծուի վարչական աշխատանքի: Երկար տարիներ ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի իրերայաջորդ Սկաուտական Խորհուրդներու, Շրջանային յանձնախումբերուն եւ վարչութիւններուն, ապա կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան անդամ:
Իբրեւ գնահատանք տարիներու իր վաստակին, եղբ. Համամճեան 1986-ին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան կողմէ կ’արժանանայ «Ծառայութեան» շքանշանին, իսկ աւելի ուշ` 2014-ին, ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ կը պարգեւատրուի միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով:
Եղբ. Յակոբ Համամճեան եղած է տիպար հայր։ Ան իր ընտանեկան օճախը կազմած է Աշխէն Պէօյիւքեանի հետ եւ բախտաւորուած է երկու զաւակով: Ան իր բոլորանուէր մասնակցութիւնը բերած է լիբանանահայ ազգային-կրթական գործին, գործելով Ազգային Թորգոմեան եւ Չաթալպաշեան վարժարաններու խնամակալ մարմիններուն մէջ:
Իր կեանքի վերջին տարիներուն եղբ. Համամճեան կը հաստատուի Գանատա, ուրկէ կը հետեւի իր սիրելի միութեան յաջողութիւններուն:
Եղբ. Յակոբ Համամճեան կը մահանայ 7 Նոյեմբեր 2017-ին եւ հողին կը յանձնուի Գանատայի մէջ: