ՅԱՍՄԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ-ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
ՅԱՍՄԻԿ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ-ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան երախտաւորներու շարքին իր յատուկ տեղը ունի քոյր Յասմիկ Տէմիրճեան-Մուրատեան, որ շուրջ երեք քառորդ դար կը ճանչցուի իբրեւ հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական, յոգնութիւն չճանչցող սկաուտ եւ կորովի միութենական պատասխանատու։
Քոյր Յասմիկ ծնած է 16 Մարտ 1937-ին, Տիգրանակերտ։ Փոքր տարիքին ընտանիքով փոխադրուած է Հալէպ, ուր կազմաւորուած է հայեցի շունչով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գաղափարականով։ Եղբայրը՝ Երուանդ Տէմիրճեան, իր կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ.ական աթլէթ էր, մարզիկ, սկաուտ, ապա վարչական եւ հետագային Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ Ութը տարեկանին ան կ’անդամակցի արծուիկութեան շարքերուն, որոնք այդ տարիներուն կապուած էին Սուրիահայ Օգնութեան Խաչին։ Կը գործէ եռանդուն եւ անշահախնդիր կերպով։
Պայմաններու բերումով, քոյր Յասմիկ 1964-ին ընտանիքով այս անգամ կը փոխադրուի Լիբանան, Պէյրութ, ուր մաս կը կազմէ Էշրէֆիէի ԼՕԽ-ի արծուիկներու խումբին, խմբապետուհիի պաշտօնով։ Իբրեւ ջանասէր անդամ եւ կազմակերպչական շնորհներ ունեցող քոյր, ան սկաուտական աստիճաններն ու պաշտօնները կը նուաճէ շատ արագ։ 1971-1972 տարեշրջանին ան կը նշանակուի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան Սկաուտական Խորհուրդի անդամ։ 1973-1974 տարեշրջանին ան վերստին կը նշանակուի եւ կը ստանձնէ այդ օրերուն Լիբանանը, Սուրիան, Յորդանանը եւ Պաղեստինը համախմբող կազմակերպական լայն շրջանակին ընդհանուր խմբապետուհիի պատասխանատու պաշտօնը։ Այդ հանգամանքով ալ, Դեկտեմբեր 1974-ին, ան կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդրանիկ Պատգմաւորական Ընդհանուր Ժողովին, Պէյրութ, Լիբանան։
Այնուհետեւ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային կառոյցի ստեղծումէն ետք, քոյր Յասմիկ բազմիցս մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդին։ Աւելի ուշ, 2001-2003, ան կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ, ատենադպիրի պաշտօնով։
Սկաուտական իր բեղուն գործունէութեան առ ի գնահատանք, քոյր Յասմիկ Մուրատեան 5 Յունիս 1992-ին, Լիբանանի վարչապետ Ռաշիտ Սոլհի ձեռամբ, կը պարգեւատրուի Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնին յատուկ շքանշանով։ Տարի մը ետք, 1993-ին, ան կ’արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան «Ծառայութեան» շքանշանին։
Ինչպէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ, նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.էն դուրս, քոյր Յասմիկին բովանդակ կեանքը կը հանդիսանայ ամբողջական նուիրում նորահաս սերունդներու դաստիարակութեան աշխատանքին, հայը հայ պահելու ուսուցչական վեհ գործին։ Հալէպի մէջ, 1957-1964, ան կը պաշտօնավարէ Հայկազեան վարժարանին մէջ։ Լիբանանի մէջ, աւելի քան 30 տարի ան կը գործէ Ազգային Գէորգ Չաթալպաշեան, Հայ Կաթողիկէ Հռիփսիմեանց, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան, Ազգային Արհեստից վարժարաններուն եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան դպրեվանքին մէջ, միշտ դառնալով փնտռուած ուսուցչուհի, սիրելի դաստիարակ, հոգատար քոյր ու մայր իր աշակերտներուն։
Քոյր Յասմիկ Տէմիրճեան իր կեանքը կը կապէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական նուիրեալի մը՝ եղբ. Վարուժան Մուրատեանի հետ, որ երկարամեայ ծառայութիւն կ’ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանին մէջ, հասնելով մինչեւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամակցութիւն։
Այսպէս, քոյր Յասմիկին կեանքը կը բաժնուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ կրթական գործի միջեւ, երկուքն ալ ծառայական աշխատանքի դաշտեր, երկուքն ալ սերունդներու պատրաստութեան նուիրեալ աշխատանք, երկուքն ալ զոհողութիւն, համբերութիւն եւ հաւատք պահանջող գործեր։ Ու երբեք չի յոգնիր կամ չի դժգոհիր ան։ Լիբանանի Մայիսեան փառատօններուն ան յաճախ կը գլխաւորէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վեթերան խմբապետներուն տողանցող շարքերը։ Իսկ ամէնէն տպաւորիչը, մահէն չորս ամիս առաջ, 12 Նոյեմբեր 2023-ին, ան կ’ըլլայ 100-ամեակի ջահակիրը Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղին (Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի շրջանի ստեղծման 100-ամեակին) եւ դողդոջ քայլերով, գործն ու պարտականութիւնը լիուլի կատարած ըլլալու հոգեկան գոհունակութեամբ, միութենական ծառայութեան ջահը կը փոխանցէ Պէյրութի մասնաճիւղի կրտսերագոյն անդամին։
Քոյր Յասմիկ Տէմիրճեան-Մուրատեան կը մահանայ 19 Մարտ 2024-ին, Անթիլիաս, Լիբանան։