ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆՄԱՀՈՒՆԻԻ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆՄԱՀՈՒՆԻԻ

ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱՆՄԱՀՈՒՆԻԻ

Եղբ. Յարութիւն Անմահունի ծնած է 1927-ին, Նիկոսիա։ Փոքր տարիքէն ան մեծ սէր ունեցած է սկաուտութեան հանդէպ։ Յաճախած է Ազգ. Մելիքեան-Ուզունեան վարժարան եւ 1943-1944 տարիներուն՝ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութիւն։

1935-ին ան մաս կազմած է Մելիքեան-Ուզունեան վարժարանի գայլիկական, ապա նաեւ՝ սկաուտական չորրորդ խումբին։ 1943-ին ան եղած է Մելգոնեանի եօթներորդ անուանի խումբին Վարիչ Առաջնորդը։

1959-ին, եղբ. Անմահունի կը հանդիսանայ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Մ.ի Կիպրոսի 77-րդ խումբին հիմնադիրներէն մէկը։ Կիպրոսի ընդհանուր արիապետ եղբ. Յ. Փալամուտեանի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Մ.ի ատենապետ եղբ. Ա. Մահտեսեանի քաջալերանքով ան եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.-Հ.Ե.Մ.ի անուանի խումբին ընդհանուր արիապետը։ Նոյն տարին ան մասնակցած է համակիպրական խաղաղութեան ճամպորիին։

1962-ին եղբ. Անմահունի Լոնտոնէն ստացած է «Փայտէ տախտակ» (Wood Badge)։ 1963-ին ան մասնակցած է Մարաթոնի համաշխարհային 11-րդ ճամպորիին։

1968-ին ան մաս կազմած է Կիպրոսի սկաուտական վերին մարմնին։

1965-էն ան եղած է Կիպրոսի հայկական սկաուտական բոլոր խումբերու՝ AYMA-ի, Նարեկ Ազգային Վարժարանի եւ Մելգոնեան Կրթական Հաստատութեան շրջանային գործավար, վերակազմակերպելով անոնց գործունէութիւնը։ 1978-ին եւ 1986-ին, եղբ. Անմահունի մասնակցած է համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առաջին եւ երրորդ բանակումներուն, Քալամոս եւ Լոնտոն։
Եղբ. Անմահունի շրջան մը մաս կազմած է նաեւ AYMA-ի ֆութպոլի խումբին։

Արհեստով ան լուսանկարիչ էր։ Երկար տարիներ գործած է Կիպրոսի երկրագործութեան նախարարութեան մէջ։ Սիրած է բանաստեղծութիւնը եւ գրականութիւնը։ Ունեցած է գեղանկարչական նախասիրութիւններ եւ կեանքի վերջին տարիներուն գեղանկարած է 80-է աւելի պաստառներ։ Աշխատակցած է հայ մամուլին եւ հրատարակած է երկու գրքոյկ եւ մէկ հատոր. «Քերթուածներ մօր սիրոյ մասին» (1998), «Հայ լեզուի հատընտիր հաւաքածոյ» (1999) եւ «Անցեալս ինծի հետ» (2009)։

Միութենական եւ ազգային երկարամեայ ծառայութեան առ ի գնահատանք, եղբ. Անմահունի պարգեւատրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան միութեան 50-ամեակի շքանշանով (1968), Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանով (2003), Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով (2001), ինչպէս նաեւ՝ Կիպրոսի յաջորդական նախագահներու (Մակարիոս Արք., Կիպրիանոս, Լիլիտիս) եւ սկաուտական շարժումի տասնեակ մը շքանշաններով։

Եղբ. Յարութիւն Անմահունի Հայաստանի վերանկախացումէն քաջալերուած՝ նիւթական իր մասնակցութիւնը բերած է հայկական բանակի օժանդակութեան գործին։ Առ այդ, ան արժանացած է «Անդրանիկ Օզանեան» գերատեսչական շքանշանին (2009)։

Հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը ըլլալու կողքին, Յարութիւն Անմահունի երդուեալ դաշնակցական մըն էր։

Եղբ. Յարութիւն Անմահունի կը մահանայ 91 տարեկանին, 22 Հոկտեմբեր 2018-ին։

Տարածենք