ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ
Եղբ. Յարութիւն Բարսեղեան եղած է Հալէպի առաջին սկաուտներէն։ Իր հետեւողական աշխատանքով ան հասած է խմբապետի աստիճանին եւ դարձած է հիմնադիր՝ մասնաճիւղի երէց փաղանգին։
1960-ական թուականներուն, Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան շրջան փոխադրուելով, եղբ. Բարսեղեան լուրջ աշխատանք տարած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղ մը հիմնելու Լոս Անճելըսի մէջ։ Աշխատանքը իրականացուցած է հաւատաւոր խումբ մը Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու գործօն մասնակցութեամբ։ Այսպէս՝ եղբ. Բարսեղեան.-
- 1968-ին եղած է նորաստեղծ մասնաճիւղի հիմնադիր ատենապետը։
- 1972-ին գլխաւորած է նորաստեղծ մասնաճիւղին մարզական եւ սկաուտական պատուիրակութիւնը, մասնակցելով Մերձաւոր Արեւելքի 35-րդ միջ-մասնաճիւղային խաղերուն։
- 1987-ին մասնակցած է Աթէնքի մէջ գումարուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Գ. Ընդհանուր Ժողովին։
- 1995-ին, Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կողմէ արժանացած է տարուան «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»-ի տիտղոսին։ Միաժամանակ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կողմէ պարգեւատրուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանով։
- 15 անգամ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի վարչութեան մաս կազմած է, գլխաւորաբար ստանձնելով ատենապետի դժուարին պարտականութիւնը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հիմնադրութենէն մինչեւ իր մահը, եղբ. Բարսեղեան աչալրջութեամբ հետեւած է մասնաճիւղի եւ ընդհանրապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն եւ նոյնիսկ յառաջացած տարիքին փորձած է գործօն մասնակցութիւն բերել անոնց յաջողութեան։
Եղբ. Յարութիւն Բարսեղեան կը մահանայ 24 Հոկտեմբեր 2009-ին։