ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ

Լիբանանեան հեծելարշաւի պատմութեան մէջ իր անունը ոսկի տառերով արձանագրած Հ.Մ.Ը.Մ.ական Յովհաննէս Ծատուրեան, իր եղբօր՝ Վարդգէսի հետ, երեւոյթ մը կը հանդիսանայ միութեան պատմութեան մէջ։

Եղբ. Յովհաննէս Ծատուրեան Հ.Մ.Ը.Մ.ին մաս կը կազմէ փոքր տարիքին, իր առաջին քայլերը առնելով սկաուտական մարզին մէջ, մասնակցելով սկաուտական հաւաքներու եւ բանակումներու, ապա՝ կ՚ըլլայ մարզիկ, մարզիչ, հեծելարշաւի յանձնախումբի անդամ, Պէյրութի մասնաճիւղի վարչական, հուսկ՝ ատենապետ, հեծելարշաւի ֆետերասիոնի փոխ նախագահ, ինչպէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ։

Հեծիկին հետ եղբ. Յովհաննէս Ծատուրեանի հեքիաթը կը սկսի 1951-ին, երբ սիրողական մարզիկներու յատկացուած առաջին պաշտօնական մրցումին՝ Պէյրութ-Տամուր-Պէյրութ մայրուղիին վրայ ան կը նուաճէ առաջին դիրքը։

1952-ին, ան կ՚անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հեծելարշաւի խումբին՝ արձանագրելով փայլուն արդիւնքներ ու բարձր պահելով միութեան դրօշը լիբանանեան եւ արաբական ախոյեանութիւններու մէջ։

Եղբ. Ծատուրեան 1956-ին Լիբանանը կը ներկայացնէ Եգիպտոսի մէջ տեղի ունեցած մրցաշարքի մը, իսկ 1957-ին, միջ-արաբական խաղերուն ան կը հանդիսանայ 5-րդ։

1960-ին եղբ. Յովհաննէս կը ստանձնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հեծելարշաւի խումբերու մարզիչի պաշտօնը՝ հոն եւս արձանագրելով նոր մրցանիշ մը, երբ Հ.Մ.Ը.Մ. յաջորդանկան հինգ տարի կը տիրանայ Լիբանանի հեծելարշաւի խմբային ախոյեանութեան՝ 1961, 1962, 1963, 1964 եւ 1965 տարիներուն։

Իր եւ եղբօր՝ Վարդգէսին ցուցմունքներով ու անոնց մարզումներուն հսկողութեամբ, Հ.Մ.Ը.Մ.ական Հրաչ եւ Վաչէ Ծատուրեան եղբայրները Լիբանանը կը ներկայացնեն ողիմպիական խաղերուն։

Իբրեւ մարզիկ եւ մարզիչ իր արձանագրած փայլուն արդիւնքներէն ետք, եղբ. Յովհաննէս Ծատուրեան կը նուիրուի վարչական գործունէութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մէջ՝ դառնալով ֆետերասիոնի փոխ նախագահ, իսկ 2006-ին կը ստանայ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի պատուոյ անդամի տիտղոսը։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը զինք կը պատուէ «Ծառայութեան» շքանշանով, իսկ 2008-ին ան կ՚արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան բարձրագոյն` «Արժանեաց» շքանշանին։

Եղբ. Յովհաննէս կը մահանայ 18 Յունիս 2012-ին։

Տարածենք