ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԱՐՏՈՅԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԱՐՏՈՅԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՄԱՐՏՈՅԵԱՆ

Եղբ. Յովհաննէս Մարտոյեան ծնած է 1936-ին, Երուսաղէմ։ 1938-ին ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Սալթ, Յորդանան։ 12 տարեկանին ան կ՚անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ամմանի սկաուտական շարքերուն։ Կը ստանձնէ Փոխ Առաջնորդի եւ Առաջնորդի աստիճան եւ գայլիկապետի պաշտօն։

1950-1963 եղբ. Մարտոյեան կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի միջ-մասնաճիւղային Նաւասարդեան տողանցքներուն։ 1951-ին կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ամմանի սկաուտութեան ընդհանուր խմբապետ։ 1958-ին ան կը նախաձեռնէ արենոյշներու եւ արծուիկներու խումբերու կազմութեան։ 1960-1961 մաս կը կազմէ մասնաճիւղի վարչութեան։

1963-ին Աւստրալիա հաստատուելէ ետք, եղբ. Մարտոյեան այլ եղբայրներու հետ կը ձեռնարկէ սկաուտական խումբի մը կազմութեան։ 1965-ին ան կ՚ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ առաջին մասնաճիւղին հիմնադիրներէն։ Կ՚ընտրուի վարչութեան անդամ եւ կը ստանձնէ սկաուտութեան ընդհանուր խմբապետի պարտականութիւնը։

1973-ին ան իր մասնակցութիւնը կը բերէ Սիտնիի արեւմտեան շրջանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղի հիմնադրութեան։ 1974-ին կ՚ընտրուի վարչական անդամ, ատենապետ, ապա՝ մասնաճիւղի ընդհանուր խմբապետ, մինչեւ 1979։

1979-ին եղբ. Մարտոյեան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աւստրալիոյ անդրանիկ Շրջանային Վարչութեան։ Երկու շրջան կ՚ըլլայ ատենադպիր, իսկ 4 շրջան՝ ատենապետ։ Ընդամէնը 12 տարի մաս կը կազմէ յաջորդական Շրջանային Վարչութիւններու։

Եղբ. Մարտոյեան 1981-էն սկսեալ կ՚աշխատակցի «Մարզիկ»ին։ Ան կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-դիւանական առաջին եւ երրորդ ժողովներուն (1985, 1993) եւ 1983-2011 գումարուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր Պատգամաւորական Ժողովներուն։

Երկարամեայ իր ծառայութիւններուն իբրեւ գնահատանք, եղբ. Մարտոյեան 1995-ին կը պարգեւատրուի «Ծառայութեան» շքանշանով, իսկ 2007-ին՝ միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։

Եղբ. Մարտոյեան կը մահանայ 13 Սեպտեմբեր 2015-ին, Սիտնի, Աւստրալիա։

Տարածենք