ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՊԱՅԹԱՐԵԱՆ

Յովհաննէս Պայթարեան կը ծնի 1915-ին, հայ ժողովուրդի պատմութեան արհաւիրքի օրերուն, իբրեւ կիւրինցի ծնողքի մը երկրորդ զաւակը։ Դժբախտ ճակատագիրը այնպէս մը կը տնօրինէ, որ, նոյն տարին, մանուկ Յովհաննէսին հայրը թրքական վայրագ Ցեղասպանութեան զոհ կ՚երթայ, իր այրիին ձգելով զոյգ զաւակներուն հոգածութեան ամբողջ բեռը։ Մայրը, ամէն զոհողութիւն յանձն առնելով, կը յաջողի իր զաւակները իրենց ծննդավայրին մէջ խնամել մինչեւ 1925, երբ իր եղբօր՝ Հայկին հետ, Յովհաննէս կը փոխադրուի Պէյրութ։

Պէյրութի մէջ, պատանի Յովհաննէս, Ազգային Ս. Նշան Վարժարան յաճախելով կ՚աւարտէ իր նախնական ուսումը, ապա երկու տարեշրջան բախտը կ՚ունենայ յաճախելու Համազգայինի նորաբաց Ճեմարանը, ներշնչուելով Շանթի ու Աղբալեանի գաղափարապաշտ մթնոլորտէն, ինչպէս իր դասընկերներէն Բաբգէն Փափազեանն ու Եղիկ Գոնեալեանը։

Դժբախտաբար, օրուան դժնդակ պայմանները պատճառ կ՚ըլլան որ Յովհաննէսը շուտով նետուի կեանքի ասպարէզ, ինքնաշխատութեամբ կատարելագործելու համար ինքնակերտ անհատի տիպարը։

Այդ թուականներուն, Յովհաննէս միաժամանակ կ՚անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի սկաուտական շարքերուն եւ Հ.Յ.Դ «Քրիստափոր» Պատանեկան Միութեան, իբրեւ ազգային գիտակցութեան կերտումի երկու հնոցներ։

Իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերու անդամ, եղբ. Յովհաննէս կը փոխանցուի մասնաճիւղին մարմնամարզի ճիւղը եւ իր բաժինը կը բերէ հրապարակային հանդիսութեանց։ Երիտասարդ Յովհաննէսի աշխատունակ նկարագիրն ու նախաձեռնող ոգին ուշագրաւ կ՚ըլլան. մասնաճիւղին ղեկավարութիւնը շուտով զինք կը հրաւիրէ ստանձնելու օժանդակ անդամի պարտականութիւններ։ Անոր զանազան պաշտօններ կը վստահուին մարզական եւ սկաուտական յանձնախումբերու կազմերէն ներս։

1947-ին, առաջին անգամ ըլլալով, եղբ. Յովհաննէս Պայթարեան կ՚ընտրուի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան անդամ, ստանձնելով ատենապետի պատասխանատու պաշտօնը։ Այնուհետեւ, կարճ ընդմիջումներով, ան մաս կը կազմէ վարչական զանազան կազմերու, աւելի քան տասնհինգ տարի։

1974-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորագոյն շրջանի Պատգամաւորական անդրանիկ Ընդհանուր Ժողովը եղբ. Յովհաննէս Պայթարեանը ընտրեց Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, հաշուապահի պաշտօնով։

Իբրեւ վարչական, եղբ. Պայթարեանի համեստ ու սակաւախօս բնաւորութիւնը զինք հեռու կը պահէ արտաքին շռայլ երեւոյթներէ, բայց աշխատունակ եւ հմուտ վարչականի իր փորձառութիւնները, իրատես եւ գործնական մարդու իր կարողութիւնները իրենց կշիռը կ՚ունենան վարչական ժողովներու ընթացքին։ Կարեւոր ու հիմնական որոշումներու պարագաներուն, եղբ. Պայթարեանի անշահախնդիր եւ անկողմնակալ միջամտութիւնները եզրակացութիւններու վերջնական ուղղութիւնը կը ճշդեն, գոհ ձգելով իր բոլոր գործակիցները։

1979-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Բ. Պատգամաւորական Ընդհանուր Ժողովին, Յովհաննէս Պայթարեան դարձեալ ընտրուեցաւ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութիւնը «Ծառայութեան» շքանշանով եւ Կեդրոնական Վարչութիւնը «Արժանեաց» շքանշանով կը պարգեւատրեն զինք, 1993-ին, գնահատելով իր երկարամեայ գործունէութիւնը՝ շարքերէն ներս։

Եղբ. Յովհաննէս կը մահանայ Դեկտեմբեր 1994-ին։

Տարածենք