ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ՏԷՐ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԵԱՆ

Վաթսունամեայ միութենական ծառայութեամբ բեռնաւորուած եղբ. Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան ծանօթ անուն մըն է։ Ան ծնած է 1924-ին, Իսկէնտէրունի Աթըք գիւղը։ Ուսանողութեան տարիները կ՚անցընէ Հալէպի մէջ։ 1939-ին, Տէր Յարութիւնեան ընտանիքը կը հաստատուի Պէյրութ, ուր ան չորս տարի կը ծառայէ ֆրանսական բանակին, հասնելով ենթասպայի աստիճանին։

Եղբ. Յովհաննէս Հ.Մ.Ը.Մ.ին կ՚անդամակցի 1936-ին, Հալէպի մէջ։ Ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Շանթ» ֆութպոլի կրտսերներու խումբին։ 1947-1956, ան վարչական զանազան պատասխանատուութիւններ կը ստանձնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղէն ներս։ 1957-ին, 1961-ին եւ 1962-ին կը ղեկավարէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան միջ-վարժարանային մարզահանդէսները։ Իր եւ մարզասէր այլ եղբայրներու ջանքերով, 1961-ին կը կազմուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի աթլէթի խումբը։

1970-1985, եղբ. Յովհաննէս մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի իրերայաջորդ Շրջանային Վարչութիւններուն։ 1986-1995 կը դառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։ 11 Փետրուար 1996-ին, ան կ՚արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին։ Կը մահանայ 4 Դեկտեմբեր 2000-ին։

Տարածենք