ՆԱԶԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ-ՆԱՏԷՐ

ՆԱԶԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ-ՆԱՏԷՐ

ՆԱԶԻԿ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ-ՆԱՏԷՐ

Քոյր Նազիկ Յովահաննէսեան-Նատէր եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական փինկ-փոնկի ոսկեայ տարիները կերտած առաջին աստղերէն։

Ան Լիբանանը ներկայացուցած է արաբական ախոյեանութիւններու (1956-1960) եւ աշխարհի առաջնութեան (1989, Տորթմունտ)։ Յովհաննէսեան-Նատէր Լիբանանի ախոյեան հռչակուած է 1957-ին եւ 1965-1991, 26 տարի անընդմէջ։ Ան Պէյրութ նահանգի ախոյեանութեան տիրացած է 1962-1968, իսկ անկախութեան մրցաշարքի առաջնութեան՝ 1972-1982։

Իր մահով Հ.Մ.Ը.Մ. կը կորսնցնէ մարզական իր պատմութեան լաւագոյն ներկայացուցիչներէն մէկը, որ անկրկնելի մարզիկ մը ըլլալու կողքին, խոնարհ եւ օրինակելի միութենական մը եղած է բովանդակ կեանքին ընթացքին։

Քոյր Նազիկ Յովհաննէսեան-Նատէր կը մահանայ 2014-ին։

Տարածենք