ՆՇԱՆ ԹԻՒՍԻՒԶԵԱՆ

ՆՇԱՆ ԹԻՒՍԻՒԶԵԱՆ

ՆՇԱՆ ԹԻՒՍԻՒԶԵԱՆ

Բազմավաստակ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբ. Նշան Թիւսիւզեան ծնած է 1911-ին, Տիգրանակերտ։

Փոքր տարիքին, թրքական հալածանքէն փախուստ տալով, ընտանիքին հետ փոխադրուած է Հալէպ, ուր յաճախած է Ազգային Հայկազեան վարժարանը՝ ստանալով ազգային առողջ դաստիարակութիւն։

Պատանի տարիքէն կ՚անդամագրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն։ Նշանաւոր դէմքերէն մէկը կ՚ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի սկաուտական շարժումի տարածման եւ կազմակերպման։ Պարզ սկաուտ, ապա խմբապետ, Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ եւ Հալէպի մասնաճիւղի վարչական՝ Նշան Թիւսիւզեան կը դառնայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բոլոր ձեռնարկներուն յաջողութեան նպաստող կարեւորագոյն աշխատողներէն մէկը։

Կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ եւ Լիբանանի բոլոր Շրջանային Ժողովներուն, ինչպէս նաեւ՝ միութեան համագաղութային կառոյցին ստեղծումէն ետք, Ա. եւ Բ. Պատգամաւորական Ժողովներուն։ 1974-1980 մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան՝ գանձապահի պատասխանատու պաշտօնով։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործերուն առընթեր, Նշան Թիւսիւզեան կը տանի նաեւ կուսակցական աշխատանք, ստանձնելով պատասխանատու պաշտօններ։

1961 Օգոստոսին, ան կը փոխադրուի Լիբանան, Պէյրութ, ուր կը շարունակէ ազգային եւ միութենական գործունէութիւնը։ Կ՚ըլլայ Ազգային իշխանութեան տնտեսական խորհուրդի անդամ եւ կը լծուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարժումի վերաշխուժացման աշխատանքին։

1973-ին, հայ սկաուտութեան հիմնադրութեան վաթսունամեակին, լիբանանեան պետութեան կողմէ կը պարգեւատրուի՝ առ ի գնահատանք Սուրիոյ եւ Լիբանանի մարզական եւ սկաուտական կեանքին իր ունեցած ներդրումին։

Կը մահանայ 26 Մայիս 1980-ին։

Տարածենք