ՊԱՐԳԵՒ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

ՊԱՐԳԵՒ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

ՊԱՐԳԵՒ ՇԻՐԻՆԵԱՆ

Վաստակաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, հրապարակախօս, հայ մամուլի բազմամեայ սպասաւոր եղբ. Պարգեւ Շիրինեան (1962-էն մինչեւ մահը վեր Հրազդան գրչանունով ծանօթ) ծնած է Ատանա, 1 Յունուար 1920-ին։ Կիլիկիոյ հայութեան տարագրութեամբ, ծնողքին հետ ան կը փոխադրուի Պէյրութ եւ նախնական ուսումը կը ստանայ Ազգային Ս. Նշան վարժարանը, որմէ ետք կը յաճախէ Համազգայինի Նշան Փալանճեան Ճեմարան, ուր ազգային իր կրթութիւնը կը ստանայ հայ մշակոյթի մեծ երախտաւորներ Լեւոն Շանթի եւ Աղբալեանի շունչին տակ։

Փոքր տարիքէն եղբ. Պարգեւ մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի սկաուտական թեւին, իբրեւ գայլիկ։ Միութենական իր գործունէութիւնը, սակայն, առաւելաբար կը յատկանշուի Հ.Մ.Ը.Մ.ական կեանքին նուիրուած մամլոյ իր երկարամեայ աշխատակցութեամբ։ 1976-ին ան կը հաստատուի Մ. Նահանգներ։ 1978-1984 ան կը ստանձնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու յաջորդական երեք Շրջանային Վարչութիւններուն գործավար- քարտուղարութիւնը։ Շրջան մը կ՚ըլլայ Շրջանային Վարչութեան անդամ։ Եղբայր Շիրինեան կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Ե. ժողովին (1991, Աթէնք) եւ տարիներ շարունակ կ՚աշխատակցի միութեան պաշտօնաթերթ «Մարզիկ»ին։ Հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մը ըլլալու կողքին, եղբ. Շիրինեան եղած է ուխտեալ եւ համեստ դաշնակցական։

Մամլոյ իր բեղուն ծառայութիւնը կը սկսի երիտասարդութեան օրերէն, նախ իբրեւ յօդուածագիր ու սրբագրիչ, ապա՝ իբրեւ փոխ խմբագիր, խմբագիր եւ հեղինակ։ Եղբ. Շիրինեան շրջան մը կը խմբագրէ Հ.Յ.Դ. Պէյրութի «Բաբգէն Սիւնի» Պատանեկան Միութեան «Ովասիս» պարբերաթերթը եւ կ՚աշխատակցի Նշան Փալանճեան ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութեան «Ակօս» ամսագիրին։ Հետագային, ան կը խմբագրէ ու կը հրատարակէ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի կեանքին ու գործին նուիրուած հատորը, կը խմբագրէ Միսաք Թորլաքեանի «Օրերուս հետ» յուշագրական աշխատասիրութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նորընծայի Բ. Կարգի եւ Ա. Կարգի գիտելիքներու գիրքը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 70-ամեակին առիթով, ան կը խմբագրէ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի 70- ամեակ-Յուշատետր 1918-1988» հատորը։ Բազմակողմանի եղած է եղբ. Պարգեւ Շիրինեանի ներդրումը մեր հանրային կեանքին, իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, համազգայնական, կուսակցական գործիչ, ազգային-եկեղեցական զանազան մարմիններու եւ ժողովներու անդամ ու պատգամաւոր։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Շրջանային Վարչութեան կողմէ ան կ՚արժանանայ «Տիպար Հ.Մ.Ը.Մ.ական»ի տիտղոսին։ Տարբեր առիթներով, իր ծառայութիւններուն համար կը ստանայ բազմաթիւ յուշատախտակներ եւ գնահատագիրներ։

1985-ին, Լոս Անճելըսի մէջ կը նշուի հանրային իր գործունէութեան 50-ամեակը եւ այս առիթով Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոս յատուկ կոնդակով մը զինք կը պարգեւատրէ Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով։

Եղբ. Պարգեւ Շիրինեան կը մահանայ 30 Յունուար 1997-ին։

Տարածենք