ՊԱՐԳԵՒ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
ՊԱՐԳԵՒ ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ
Եղբ. Պարգեւ Պարսամեան ծնած է Եոզկաթ, 15 Սեպտեմբեր 1915-ին։ Փոքր տարիքին, ընտանիքին հետ կը հաստատուի Պուլկարիոյ Սոֆիա մայրաքաղաքը, ուր կը մնայ մինչեւ պատանեկութիւն։ Ուսումը կը ստանայ Մեսրոպեան վարժարանին մէջ եւ սկաուտական շարքեր կ՚անցնի Պուլկարիոյ մէջ։
Շրջան մը կը բնակի Փրակա, ապա՝ Պերլին։ Դեկտեմբեր 1939-ին կը հաստատուի Արժանթինի մայրաքաղաք Պուէնոս Այրէս, ուր եղբօրը՝ Արտաշէսի եւ այլ հայրենակիցներու հետ կը հիմնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն սկաուտութիւնը։ Եղբ. Պարսամեան 1944-1974 Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղին ատենապետութիւնը կը վարէ 13 անգամ։ Դեկտեմբեր 1974-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա. Պատգամաւորական Ժողովին, ան կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի առաջին Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, չորս տարուան ժամանակաշրջանի մը համար։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Բ. Պատգամաւորական ժողովին (1979, Նիկոսիա) ան կը վերընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։
11 Նոյեմբեր 1989-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուէնոս Այրէսի մասնաճիւղի հիմնադրութեան տօնակատարութեան առիթով, եղբ. Պարգեւ Պարսամեան կը ստանայ «Ծառայութեան» շքանշան։ 1993-ին, ան կ՚արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան «Արժանեաց» շքանշանին։
Ան կ՚ըլլայ օրինակելի, համեստ ու նուիրեալ, ազգային-միութենական սկզբունքներու հաւատարիմ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը։ Կը մահանայ 7 Փետրուար 2004-ին, Պուէնոս Այրէս։