ՊԵՏՐՈՍ ՇԵՄՄԵՍԵԱՆ

ՊԵՏՐՈՍ ՇԵՄՄԵՍԵԱՆ

ՊԵՏՐՈՍ ՇԵՄՄԵՍԵԱՆ

Դժուար է ամփոփել երկար տարիներու աշխատանքը եղբ. Պետրոս Շեմմեսեանին, որուն կեանքին մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ը եղաւ նուիրական էջ մը։ Եղբայր Շեմմեսեան յիսուն տարուան միութենական գործունէութեամբ լաւ օրինակ հանդիսացաւ նորահաս սերունդներուն, անոնց փոխանցելով անսակարկ ծառայութեան վսեմագոյն օրինակը։ 

Եղբ. Պետրոս Շեմմեսեան ծնած է 1938-ին, Մուսա լերան Վագըֆ գիւղը։ Դեռ ինը ամսու նորածին, ան կը ճաշակէ գաղթականութեան դառնութիւնները՝ Մուսա լեռէն Փոր Սայիտ եւ Այնճար։ Նախակրթութիւնը ան կը ստանայ Այնճարի Ազգ. «Յառաջ» վարժարանին մէջ, իսկ երկրորդականը՝ գիւղին Հայ Աւետ. վարժարանին մէջ։ «Բախտաւորութիւնը» կ’ունենայ ուսման իր տենչը յագեցնելու համալսարանական կրթութեամբ։ 1964-ին կ’աւարտէ Հայկազեան համալսարանը։ Կը պսակուի Գոհար Աբրահամեանի հետ եւ կը բախտաւորուի երկու զաւակով։

Եղբ. Շեմմեսեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ կը գործէ գայլիկական շարքերէ մինչեւ Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամակցութիւն (1979-1981) եւ ատենապետութիւն (2000-2001)։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մասնաճիւղին մէջ երկար տարիներ գործելէ եւ վարչական պատասխանատուութիւններ վարելէ ետք (1965-1967), ան գործօն դերակատարութիւն կ’ունենայ 1974-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ժըտէյտէի մասնաճիւղի հիմնադրութեան աշխատանքներուն մէջ, ուր կը ստանձնէ վարչական պարտականութիւններ եւ կը վարէ ատենապետութեան պաշտօն (1975-1976)։

Եղբ. Շեմմեսեան կ’ըլլայ փնտռուած ժողովական, իր համոզումները ամրօրէն պաշտպանող եղբայր։ Կը մասնակցի Լիբանանի շրջանի Ներկայացուցչական բազմաթիւ ժողովներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական երրորդ (1983), վեցերորդ (1995), եօթներորդ (1999) եւ ութերորդ (2003) Ընդհանուր Ժողովներուն։ Կը հանդիսանայ կեցուածքի եւ համոզումի մարդ, գաղափարապաշտ Հ.Մ.Ը.Մ.ական, գործունեայ եւ պայքարող Դաշնակցական։ Ան կը ստանձնէ կուսակցական բազմաթիւ պարտականութիւններ։

Երկար տարիներ ան կ’աշխատակցի միութեան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթին եւ Փետրուար 2006-ին, թերթին 25-ամեակին առիթով, կ’արժանանայ յատուկ յուշանուէրի։ Եղբ. Շեմմեսեան իր կարեւոր նպաստը կ’ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Դաստիարակչական ուղեցոյց»ի պատրաստութեան, որուն կարեւորագոյն բաժինին՝ «Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզիկի տասնաբանեայ»ին կը նուիրէ արժէքաւոր յօդուածաշարք մը։

Իր բազմակողմանի ձիրքերն ու յատկութիւնները եղբ. Շեմմեսեան չի վերապահեր ինքն իրեն, այլ՝ կու տայ իր շրջապատին։ Կու տայ իր կուսակցութեան, միութեան եւ լիբանանահայութեան, գործօն մասնակցութիւն ունենալով անոր ազգային-հասարակական կեանքին։

Եղբ. Շեմմեսեան կ’ըլլայ կրթական մշակ, ուսուցիչ, դաստիարակ, խնամակալ, տնօրէն, վարչական, յօդուածագիր, ատենապետ եւ մղիչ ուժ։ Քիչ մը ամէն բան, քիչ մը ամէն տեղ։

Ան կը գործէ ի խնդիր նոր սերունդի կրթութեան եւ դաստիարակութեան։ Ուսումը կը նկատէ փրկութեան բանալի։ Այնճարի մէջ կը ստեղծէ գիշերային դպրոց, որ ժամանակի ընթացքին ընդարձակուելով՝ Պէյրութ կը հասնի եւ 1972-ին կը վերածուի «Փոլիկլոթ» արուեստից հաստատութեան, զոր ժամանակի ընթացքին կը զարգացնէ եւ կը վերածէ կրթական կարեւոր կեդրոնի։

Իբրեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, կարճ ժամանակի մէջ ան իր վարչական եղբայրներուն աջակցութեամբ կ’իրագործէ կարգ մը ծրագիրներ, որոնց արդիւնաբերութենէն բաժին կը ձգէ յաջորդական Շրջանային Վարչութիւններու։

Անողոք հիւանդութեան դէմ երկար պայքարէ ետք, եղբ. Պետրոս Շեմմեսեան կը մահանայ 27 Սեպտեմբեր 2006-ին եւ յետ-մահու՝ 5 Նոյեմբեր 2006-ին կ’արժանանայ միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին։

Տարածենք