ՊԵՐՃ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
ՊԵՐՃ ԳՐԻԳՈՐԵԱՆ
Սփիւռք, հայութիւն, հայկական կառոյցներ գոյութիւն պիտի չունենային առանց եղբ. Պերճ Գրիգորեանի նման անձերու զոհաբերութեան եւ նուիրումին:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի պատմութեան կարելի չէ անդրադառնալ՝ առանց եղբ. Պերճ Գրիգորեանին մասին խօսելու։
Եղբ. Պերճ Գրիգորեան ծնած է 1928-ին, Կրետէ կղզիի Իրաքլիոյ քաղաքը, ուր ծնողքը 1922-ին Իզմիրէն հասած է գաղթական:
1929-ին ընտանեօք կը փոխադրուին Փիրէա, Գոքինիոյ հայաշատ թաղամասը: Կը յաճախէ Հ.Կ.խաչի Զաւարեան վարժարանը, ուրկէ կ’ըլլայ շրջանաւարտ:
Տասը տարեկանին ան կը միանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերուն: Համաշխարհային երկրորդ պատերազմի պարտադրուած դադարէն ետք, 1945 թուականին, եղբ. Պերճ, եղբ. Կարպիս Տէր Մեսրոպեանին հետ, կը համախմբէ Գոքինիոյ թաղամասի երիտասարդներն ու պատանիները եւ կը վերակազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը: 1946-1947 եւ 1949-ին Գոքինիոյ սկաուտական շարքերու խմբապետի, Առաջնորդի եւ մեծ թիւով վարիչներու ներգաղթը Հայաստան եւ արտագաղթը դէպի Արժանթին եւ այլուր, ժամանակաւոր արգելք կը հանդիսանայ աստիճանաւորական ցանցի կազմութեան: Այսուհանդերձ, մնացողները մեծ հաւատքով կը վերակազմեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական շարքերը եւ խմբապետութիւնը կը ստանձնէ եղբ. Պերճ Գրիգորեան:
Օգոստոս 1953-ին, երբ Քեֆալոնիա կղզիի երկրաշարժին ցաւալի լուրը կը տարածուի, եղբ. Գրիգորեան խումբ մը սկաուտներու հետ կը շտապէ կղզի, կատարելու սկաուտական պարտականութիւնը, այսինքն՝ հասնիլ օգնութեան:
Հայ սկաուտներու փրկարար խումբը անմիջապէս գործի կ’անցնի։ Փլատակներու տակէն կը յաջողին փրկել տեղւոյն հիւանդանոցի վիրաբուժական գործիքները, ինչպէս նաեւ՝ հիւանդանոցի գանձը: Նոյն ժամանակ, եղբ. Պերճ Գրիգորեան, իր կեանքը վտանգելով, փլատակներու տակէն կ’ազատէ ծերունի զոյգ մը եւ փոքրիկ մը: Իր այս արիութեան համար, ան կ’արժանանայ Յունաստանի զինեալ ուժերու «Պատուոյ» շքանաշանին:
1960-ին, եղբ. Պերճ կը նշանակուի Գոքինիոյ մասնաճիւղի ընդհանուր խմբապետ։
Եղբ. Պերճ սկաուտական իր գործունէութիւնը կը շարունակէ մինչեւ 1970 եւ անկէ ետք կը դադրի սկաուտական ընթացիկ աշխատանքներէ, սակայն միշտ նեցուկ կը կանգնի Հ.Մ.Ը.Մ.ին:
1980-ական թուականներուն, երբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը եղբօր կարիքը կ’ունենայ, ան առանց վարանումի դարձեալ կ’անցնի աշխատանքի, պատրաստելու համար նոր սերունդ:
1986-ին, եղբ. Պերճ կը գլխաւորէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գ. համագաղութային բանակումին (Անգլիա) Յունաստանի սկաուտական պատուիրակութիւնը։
Եղբ. Պերճ Գրիգորեան միշտ եղաւ տիպար եւ օրինակելի Հ.Մ.Ը.Մ.ական, իր երկարամեայ գործունէութեամբ ան օժանդակեց միութեան եւ օգտակար հանդիսացաւ անոր ամրապնդման, զարգացման ու վերելքին:
1999-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը եղբօր կը շնորհէ «Պատուոյ սկաուտապետ»ի տիտղոսը, իսկ 2002-ին զայն կը պարգեւատրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանով։
Փետրուար 2003-ին, Շրջանային Վարչութեան առաջարկով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով, եղբ. Պերճ Գրիգորեան կ’արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանին:
Եղբ. Պերճ Գրիգորեան կը մահանայ 25 Յունուար 2020-ին, Աթէնքի մէջ։