ՊՕՂՈՍ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

ՊՕՂՈՍ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

ՊՕՂՈՍ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ

Եղբ. Պօղոս Յովհաննէսեան, կրտսեր եղբայրը եղբ. Վահագն Յովհաննէսեանի, կը պատկանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի փինկ-փոնկի փառաւոր պատմութիւնը կերտած առաջին սերունդին։ Ան ծնած է 1927-ին, Պէյրութ։ Նախնական կրթութիւնը կը ստանայ Ազգային Ս. Նշան Վարժարանը, ապա՝ Համազգայինի Ճեմարանը, առանց սակայն աւարտելու անոր ընթացքը։

Պատանի տարիքէն ան կը նետուի կեանքի ասպարէզ եւ կ’աշխատի լումայափոխ։

Հ.Մ.Ը.Մ. մուտք կը գործէ 1938-ին, իբրեւ Պէյրութի մասնաճիւղի գայլիկ, ապա մաս կը կազմէ միութեան մարզական կեանքին, կարճ ժամանակ մը միաժամանակ կիրարկելով ֆութպոլ, պասքէթ եւ փինկ-փոնկ։

1947-էն սկսեալ, եղբ. Պօղոս ամբողջութեամբ կը նուիրուի փինկ-փոնկի մարզախաղին եւ 1948-1953, երէց եղբօրը՝ Վահագն Յովհաննէսեանի հետ, իր մասնակցութիւնը կը բերէ Լիբանանի զոյգ տղոց ախոյեանութեան բազմաթիւ մրցաշարքերուն։

1953-ին, եղբ. Պօղոս կը նշանակուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի փինկ-փոնկի խումբի մարզիչ եւ մինչեւ Լիբանանէն մեկնումը՝ 1978, քառորդ դար ան ձեռնհասութեամբ կը վարէ պաշտօնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ին ապահովելով ախոյեանական բազմաթիւ տիտղոսներ եւ պատրաստելով խոստմնալից մարզիկ-մարզիկուհիներ։

1964-ին, եղբ. Պօղոսին կը վստահուի նաեւ փինկ-փոնկի Լիբանանի ազգային խումբին մարզումը։ Իր հսկողութեամբ Լիբանանի ազգային խումբը պատուաբեր արդիւնքներ կ’արձանագրէ միջ-արաբական, Միջերկրականեան եւ աշխարհի ախոյեանութեան մրցումներուն՝ Միւնիխի, Սարաեւոյի, Փեքինի, Թոքիոյի եւ Ռիատի մէջ։

1966-էն սկսեալ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի փինկ-փոնկի պատասխանատուներու ջանքերով, եղբ. Պօղոս կը ձեռնարկէ փինկ-փոնկի միջ-դպրոցական մրցաշարքերու կազմակերպման։

1978-ին, ան վերջնականապէս կը հաստատուի Ֆրանսա եւ շրջան մը կը մարզէ փինկ-փոնկի ֆրանսական խումբեր։

Կը մահանայ 9 Յունիս 2011-ին, Վալանս։

Տարածենք