ՍԱՐԳԻՍ ՊԱՊԻԿԵԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՊԱՊԻԿԵԱՆ

ՍԱՐԳԻՍ ՊԱՊԻԿԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղին վաստակաշատ դէմքերէն է եղբ. Սարգիս Պապիկեան։ Ան ծնած է 1911-ին, Ատանա եւ մաս կազմած է «մանկութիւն չունեցող սերունդ»ի մը ներկայացուցիչներուն, զրկուած մանկական բոլոր հաճոյքներէ, բաժնեկիցը իր ծնողքին կրած տեսակաւոր զրկանքներուն։

1921-ին, եղբ. Սարգիսի առժամեայ կայաններէն մէկը կ’ըլլայ Լաթաքիա քաղաքը, ուր ան կը ստանայ նախնական կրթութիւնը։ Կը վկայուի տեղւոյն Ազգ. վարժարանէն։ Այս միջոցին ան մաս կը կազմէ իր սիրելի միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին։

1926-ին, Պապիկեան ընտանիքը կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր եղբ. Սարգիս կարճ ատեն մը կը յաճախէ Ֆրէրներու քոլէճը։ Այդ օրերուն կը բացուի Համազգայինի Ճեմարանը։ Եղբ. Սարգիս կ’ըլլայ առաջին արձանագրուողներէն։ Դժբախտաբար, նիւթական համեստ պայմանները թոյլ չեն տար հետեւելու Ճեմարանի դասերուն եւ ան կը ստիպուի, ծնողքին օգնելու համար, պաշտօնեայ դառնալ ֆրանսական հաստատութեան մը, «քատասթըր»ի մէջ։

18 տարեկանին, եղբ. Սարգիս ծնողքին հետ կը հաստատուի Դամասկոս, ուր կը մնայ մինչեւ վերջ։ Դամասկոսի մէջ ան աշխոյժ մասնակցութիւն կը բերէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղին աշխատանքներուն, կեդրոնական դէմքը դառնալով սկաուտական անոր շարժումին։

Տարեց եւ կրտսեր սկաուտներու սիրելի եղբայր Սարգիսը միշտ ինքզինք վեր կը պահէ մանրուքներէ, կը բարձրանայ եւ իր հետ կը բարձրացնէ կրտսեր եղբայրները։ Երկար տարիներ ան կը վարէ մասնաճիւղին Սկաուտ. Խորհուրդի ատենապետութիւնը։ Միաժամանակ, ան Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը ներկայացնէ Սուրիոյ սկաուտական բարձրագոյն մարմինին մէջ։ 1946-ին, Սուրիոյ կրթական նախարարութեան կողմէ կազմուած Սուրիոյ սկաուտական ֆետերասիոնին մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութիւնը կը ստանայ հինգերորդ վաշտի անունը։ Եղբ. Սարգիս 28 տարի, մինչեւ 1975, ֆետերասիոնին մօտ Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը ներկայացնէ, իբրեւ իբրեւ հինգերորդ վաշտի պատասխանատու («Ամիտ»)։

Եղբ. Սարգիս 1954-1957 մաս կը կազմէ մասնաճիւղի վարչութեան, նախ՝ փոխ ատենապետի ու ապա՝ ատենապետի պաշտօնով։

Հ.Մ.Ը.Մ.ին առընթեր, եղբ. Սարգիս մաս կը կազմէ Հ.Յ.Դաշնակցութեան։ Կ’ըլլայ հաւատաւոր կուսակցական, քաջածանօթ կուսակցութեան պատմութեան եւ ժողովական կեանքի պարտաւորութիւններուն։ Եղբ. Սարգիս կը հանդիսանայ Ազգ. Միացեալ Վարժարանի հոգաբարձութեան կեդրոնական դէմքերէն մէկը։ Ան անսակարկ կը մասնակցի Հ.Յ.Դ.ի եւ ուղեկից միութիւններու՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի, Համազգայինի եւ Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի նիւթական աջակցութեան աշխատանքներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատելով եղբօր միութենական երկարամեայ ծառայութիւնը, 11 Դեկտեմբեր 1983-ին զայն կը պարգեւատրէ «Արժանեաց» շքանշանով։

Եղբ. Սարգիս Պապիկեան կը մահանայ 24 Յունիս 1984-ին, Դամասկոս։

Տարածենք