ՍԵՐԳՕ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

ՍԵՐԳՕ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

ՍԵՐԳՕ ԻՍԿԱՀԱՏԵԱՆ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» շքանշանակիր եղբ. Սերգօ Իսկահատեան կը պատկանի միութեան Յունաստանի շրջանի երախտաշատ դէմքերու այն հոյլին, որ կեանք մը ամբողջ սպառեց միութենական ծառայութեան ճամբուն վրայ, ձեւ ու դիմագիծ տալով հայ կեանքին, ինքնութիւն եւ հպարտութիւն՝ իր պատկանած միութեան։

Եղբ. Սերգօ Իսկահատեան ծնած է 1932-ին, Ֆիքսի մէջ, Աթէնք։ Ան կը պատկանի «Մանկութիւն չունեցող մարդոց» սերունդին։ Կը յաճախէ Ֆիքսի գաղթակայանին Ս. Կարապետ եկեղեցի-դպրոցը։

12 տարեկանին, եղբ. Սերգօ մուտք կը գործէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի մասնաճիւղին սկաուտական շարքերը։ Կ’ըլլայ գայլիկ եւ սկաուտ։ Երիտասարդութեան ան մաս կը կազմէ մասնաճիւղին պասքեթպոլի խումբին, որուն շապիկը 13 տարի կը կրէ իբրեւ մարզիկ ու ապա՝ մարզիչ (1952-1965)։

Այնուհետեւ, եղբ. Սերգօ 1965-1980 մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի մասնաճիւղի իրերայաջորդ վարչութիւններուն՝ վարելով զանազան պաշտօններ։

1980-1988 ան կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամ, յաճախ գանձապահի պաշտօնով։

Վարչական-կազմակերպչական իր յարատեւ գործունէութեան համար, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը 1993-ին եղբ. Սերգօն կը պարգեւատրէ «Ծառայութեան» շքանշանով։

Իր կարգին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը գնահատելով եղբօր միութենական երկարամեայ նուիրումը, 2 Փետրուար 2003-ին զայն կ’արժանացնէ «Արտակարգ» շքանշանի։

Եղբ. Սերգօ Իսկահատեան կը մահանայ 2006-ին։

Տարածենք