ՍԻԱՄԱՆԹՕ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ՍԻԱՄԱՆԹՕ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

ՍԻԱՄԱՆԹՕ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Եղբ. Սիամանթօ Կարապետեան ծնած է 20 Յուլիս 1939-ին, Թեհրան։ Նախնական եւ բարձրագոյն կրթութիւնը ստացած է Թեհրանի մէջ։ Փոքր տարիքէն ան մաս կազմած է Իրանի Հայ Մշակութային Արարատ Կազմակերպութեան (ՀՄԱԿ)։ 1964-ին ան կը պսակուի Էլբա Ղահրամանեանի հետ եւ կը բախտաւորուի երկու զաւակով՝ Էմիլ եւ Գարօլին։ 1981-ին,եղբ. Սիամանթօ ընտանիքին հետ կը հաստատուի Լոնտոն։ Թէ՛ Իրանի եւ թէ Լոնտոնի մէջ ան կը վարէ շինարարական անձնական ընկերութիւն։ 1985-ին, երբ Լոնտոնի Հայ Սկաուտական Միութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.ին կը միանայ եւ Մեկուսի շրջան կը դառնայ, եղբ. Սիամանթօ կընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոնտոնի մասնաճիւղի անդրանիկ վարչութեան անդամ եւ ատենապետ։ Ան կարեւոր դեր կը ստանձնէ Լոնտոնի մէջ կատարուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական Գ. ընդհանուր բանակումի կազմակերպման աշխատանքներուն։ Իր ժրաջան գործունէութեան շնորհիւ, եղբ. Սիամանթօ 1987-ին կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, իբրեւ Եւրոպայի ներկայացուցիչ։ 1988-ին, գլխաւորաբար իր ջանքերով եւ նուիրատուութեամբ կը հիմնուի Լոնտոնի Հայ Կեդրոնը՝ Armenian Community Center-ը (ACC)։ Նոյն տարին, Հայաստանը հարուածած երկրաշարժէն անմիջապէս ետք ստեղծուած ACC-ն կը վերածուի աղէտեալներու օժանդակութեան շտապի։ Այս առթիւ եղբ. Սիամանթօ կը նուիրէ 20 շարժական տնակներ, որոնք անմիջապէս կ’ուղարկուին Սպիտակ։ Միաժամանակ, եղբ. Սիամանթօ հիմնադիրներէն մէկը կը հանդիսանայ Անգլիոյ մէջ կազմակերպուած «Aid Armenia»-ի։ Այդ կազմակերպութեան շնորհիւ, 1990 թուականին բացումը կը կատարուի Վանաձորի մանկական հիւանդանոցին։ Իր ջանքերով, 1989 թուականին, կը կազմակերպուի երկրաշարժի հետեւանքով որբացած երեխաներու Լոնտոն երկարատեւ այցելութիւնը, որուն ընթացքին ան եւ գաղութի այլ անդամներ մկրտութեան կնքահայր կը հանդիսանան երեխաներուն եւ շարունակաբար կը հովանաւորեն զանոնք։ 20 Փետրուար 1989-ին, երկրաշարժի աղէտեալ գօտիին վերականգնման գործին իր ունեցած կարեւոր ներդրումին համար, եղբ. Սիամանթօ Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսէն կը ստանայ «Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանը։ Լոնտոն հաստատուելէ ետք, 35 տարի շարունակ, եղբ. Սիամանթօ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ Լոնտոնի հայ գաղութի կեանքին։ 1980-ական տարիներուն ան կ’անդամակցի բրիտանահայ համայնքային եւ եկեղեցական խորհուրդին եւ իր կապերը միշտ սերտ կը պահէ հայրենիքին հետ։ Եղբ. Սիամանթօ կը մահանայ 27 Մայիս 2016-ին, խոր վիշտ պատճառելով իր հարազատներուն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին։

Տարածենք