ՎԱԶԳԷՆ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

ՎԱԶԳԷՆ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

ՎԱԶԳԷՆ ՏԷՐ ՂՈՒԿԱՍԵԱՆ

Եղբ. Վազգէն Տէր Ղուկասեան ծնած է 1918-ին, Քիլիս։ Հազիւ նորածին, ծնողքին հետ կը փոխադրուի Զահլէ, ուր 5 տարի մնալէ ետք կը հաստատուի Հալէպ, Սուրիա։ Ան իր նախակրթութիւնը կը ստանայ Ազգային Հայկազեան եւ ապա՝ Ուսումնասիրաց վարժարաններուն մէջ։

1930-ին Հ.Մ.Ը.Մ.ին իբրեւ սկաուտ անդամակցելէ ետք, ան մաս կը կազմէ ֆութպոլի սկաուտական պատուոյ Ա. խումբին։ 1936-1957 ան կը կրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի ներկայացուցչական Ա. խումբին շապիկը, միաժամանակ մաս կազմելով նախ Հալէպի խառն խումբին եւ ապա՝ Սուրիոյ ազգային խումբին, որոնց հետ 10 տարի ան կը կատարէ միջազգային շարք մը մրցումներ։ 1954-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի վարչութեան որոշումով, ան կ՚ուղարկուի Լոնտոն, ուր 3 ամիս կը հետեւի ֆութպոլի մարզումի դասընթացքներու։

Փայլուն ֆութպոլիստ մը ըլլալու կողքին եղբ. Վազգէն եղած է նաեւ լաւ մարզիչ, իրաւարար, թենիսմէն եւ... աթլէթ։ Ան տիրացած է բազմատասնեակ մետալներու։

Արհեստով լուսանկարիչ։ Աշխատակցած է Լիբանանեան «Լըսուար», «Լ՚Օրիան Լըժուր», «Լարիւվի Տիւ Լիպան», «Մակազին» թերթերուն եւ հայ մամուլի շարք մը ներկայացուցիչներուն։ 1980-էն մինչեւ մահը եղած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի լուսանկարիչ։

1993-ին, երկարամեայ իր ծառայութիւններուն իբրեւ գնահատանք, եղբ. Վազգէն Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կողմէ կ՚արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Ծառայութեան» շքանշանին։

Ան կը մահանայ 28 Յունուար 2004-ին։

Տարածենք