ՎԱՀԱՆ ԳԱՒՈՒՔՃԵԱՆ
ՎԱՀԱՆ ԳԱՒՈՒՔՃԵԱՆ
Աղեքսանդրիոյ հայութեան մարզական, մշակութային, կրթական, բարեսիրական եւ հանրային-հասարակական կեանքին մէջ երախտաշատ անուն մըն է եղբ. Վահան Գաւուքճեան։
Եղբ. Վահան ծնած է Աղեքսանդրիա, 1917-ին, եւ իր ծնողքին ու հարազատներուն հայաշունչ մթնոլորտին մէջ հասակ նետած, իր ժողովուրդին ու հայրենիքին ծառայելու անսակարկ պատրաստակամութեամբ։
1924-ին, 7 տարեկան պատանի Վահանը իր ծնողքին առաջնորդութեամբ կը մտնէ «Կամք» մարզական ակումբի սեմէն ներս, եւ ամենայն հետեւողականութեամբ կը մասնակցի «Կամք»ի սկաուտական, մարզական եւ աթլէթի միաւորներուն գործունէութեան։
1940-ին, «Կամք»ի վարչական անդամ կ՚ընտրուի ան, եւ աւելի քան 55 տարի իբրեւ վարչական եւ ապա 1964-էն իբրեւ ատենապետ՝ անխոնջ սպասարկուն կը հանդիսանայ «Կամք»ի սկաուտական եւ մարզական շարժումներու աշխատանքներուն։
Հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի իր ծառայութեան ճամբուն վրայ, եղբ. Վահան, 1974-ին կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի համագաղութային հիմնադիր անդրանիկ ժողովին, եւ ապա՝ 1979-ին, արդարօրէն կ՚արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան պարգեւատրումին, ստանալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանը։ Եղբ. Վահան յաջորդաբար ներկայ կը գտնուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Բ. Գ. Ե. եւ Զ. Պատգամաւորական ժողովներուն։
Եղբ. Վահան Գաւուքճեան կը մահանայ 21 Սեպտեմբեր 1996-ին։