ՎԱՀԱՆ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ
ՎԱՀԱՆ ՏՕՆԱՊԵՏԵԱՆ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի սփիւռքեան սերունդի աւագ ներկայացուցիչներէն է եղբ. Վահան Տօնապետեան, որուն գործն ու անունը սերտօրէն կապուած է միութեան Դամասկոսի մասնաճիւղին հետ։
Եղբ. Վահան Տօնապետեան ծնած է 1888-ին, Ատանա։ Նախակրթութիւնը ստացած է ծննդավայրին մէջ։ Երկրորդական ուսումը՝ Տարսոնի ամերիկեան քոլէճին մէջ, ուրկէ շրջանաւարտ եղած է 1912-ին։ Կարճ ժամանակով, իբրեւ ուսուցիչ, պաշտօնավարած է Տարսոնի մէջ, ապա նետուած է առեւտրական ասպարէզ, աշխատելով իր հօրը կերպասի վաճառատան մէջ, Ատանա։
Տարագրութեան շրջանին, Վահան Տօնապետեան բախտը կ’ունենայ հասնելու Դամասկոս, ուր կը մնայ մինչեւ 1918։ Պատերազմի վերջաւորութեան կը վերադառնայ Ատանա։ Կիլիկիոյ պարպումով, 1922-ին, վերջնականապէս կը հաստատուի Դամասկոս, ուր կը կազմէ ընտանեկան իր բոյնը՝ ամուսնանալով Սելանիկէն Եպրաս Փափազեանի հետ։ Կ’ունենան երկու դուստր՝ Սոնա եւ Լուսին։
Վահան Տօնապետեան յարգուած ազգային-հասարակական դէմք մըն էր Սուրիոյ մայրաքաղաքին մէջ։ Ան սերտ յարաբերութիւններ կը պահէր արաբ շրջանակներու եւ պետական անձնաւորութիւններու հետ։
1924-ին, երբ խումբ մը մարզասէր երիտասարդներու կողմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղը կը հիմնուի, Վահան Տօնապետեան կը հանդիսանայ մասնաճիւղին հոգին եւ սիրտը, մինչեւ Պէյրութ փոխադրութիւնը, 1962-ին։ Իր օրերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղը ունէր ֆութպոլի իր հռչակաւոր խումբը, որ երկար տարիներ մնաց Սուրիոյ անպարտելի ախոյեանը։ Այս խումբը, Օննիկ Կէվրէկեանի խմբապետութեամբ եւ Սեզար եւ Ֆերտին Թերճիմաններու, Կարապետ Սաաթճեանի, Զաւէն Չորպաճեանի, Եղիշէի եւ ուրիշներու մասնակցութեամբ, արձանագրեց մասնաճիւղին պատմութեան ամէնէն փայլուն էջերը։
1929-ին, Դամասկոսի մէջ հիմնուեցաւ Միացեալ վարժարանը եւ Վահան Տօնապետեան 33 տարի անընդհատ վարեց վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետի պաշտօնը։
Վարչական մեծ կարողութիւններով օժտուած Վահան Տօնապետեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Դամասկոսի մասնաճիւղի եւ Միացեալ վարժարանի մնայուն ատենապետութիւնը վարեց անսահման նուիրումով, զոհելով իր գործի եւ հանգիստի ժամերը, մինչեւ իր յառաջացեալ տարիքը։
Վահան Տօնապետեան մահացաւ Պէյրութի մէջ, 12 Յուլիս 1969-ին։