ՎԱՀԷ ՉՈՔԿԱՐԵԱՆ

ՎԱՀԷ ՉՈՔԿԱՐԵԱՆ

ՎԱՀԷ ՉՈՔԿԱՐԵԱՆ

Եղբ. Վահէ Չոքկարեան ծնած է 1921-ին, Ատանա։ Հազիւ աչքերը բացած, ծնողքին հետ կը բռնէ գաղթականութեան ճամբան։ Տասնամեակ մը ամբողջ, ան գաղթականութեան զրկանքները կը կրէ Ռումանիոյ մէջ։

1931-ին, Չոքկարեան ընտանիքը կը հաստատուի Լիբանան, ուր 10 տարեկան Վահէն կ’անդամակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի սկաուտական շարքերուն։ Երեք տարի սկաուտութեան մէջ գործելէ ետք, ան մաս կը կազմէ մասնաճիւղի «Մուրատ» ֆութպոլի երկրորդական խումբին։

1936-ին, տարի մը, եղբ. Վահէ կ’անցնի Դամասկոս, իսկ 1937-1939՝ Հալէպ, ուր ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութպոլի պահեստի խումբին։

Պէյրութ վերադարձին, եղբ. Վահէ կը հետեւի Պէյրութի Ամերիկեան Համալսարանի դասընթացքներուն եւ 1947-ին կը վկայուի իբրեւ ճարտարագէտ։ Այնուհետեւ, ան կ’անցնի Հալէպ, ուր բազմիցս կ’ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Հալէպի վարչութեան անդամ՝ փոխ ատենապետի (1953-1955) եւ ատենապետի պաշտօնով (1952-1953, 1956-1958 եւ 1961-1962)։

1961-ին, Սուրիոյ ծանօթ դէպքերուն, ան կը ձերբակալուի եւ դառնօրէն կը ճաշակէ բանտային տանջանքներ։ Ապա, կը փոխադրուի Լիբանան եւ հեռու կը մնայ միութենական կեանքէ, սակայն միտքն ու հոգին երբեք չեն դադրիր Հ.Մ.Ը.Մ.ին հետ ըլլալէ։

Նուիրեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը ըլլալու կողքին, եղբ. Վահէ կ’ըլլայ հաւատաւոր դաշնակցական մը։ Կը ստանձնէ կուսակցական պատասխանատու պաշտօններ։ 1963-ին, ան կը մասնակցի Հ.Յ.Դ. ԺԸ. Ընդհանուր Ժողովին, Պէյրութ։

Լիբանան հաստատուելէ ետք, իբրեւ ճարտարագէտ, եղբ. Վահէ գործի բերումով կը կատարէ բազմաթիւ ճամբորդութիւններ եւ կ’աշխատի զանազան երկիրներու մէջ՝ Քուէյթ, Իրաք, Եգիպտոս, Սէուտական Արապիա, Գանատա եւ այլն։

1985-ին, հանգստեան կոչուելէ ետք, եղբ. Վահէ բնակութիւն կը հաստատէ Լիբանանի ամարանոցներէն Ռէյֆունի մէջ, իսկ 1994-էն մինչեւ մահը՝ հարաւային Լիբանանի Մաժտալիուն գիւղը, Սայտայի արեւելքը։

Միութենական երկարամեայ իր ծառայութեան առ ի գնահատանք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը 11 Մայիս 2006-ին, եղբ. Չոքկարեանը կը պարգեւատրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանով։

Եղբ. Վահէ Չոքկարեան կը մահանայ 8 Հոկտեմբեր 2008-ին։

Տարածենք