ՎԱՀՐԱՄ ԴԱՆԻԷԼեԱՆ

ՎԱՀՐԱՄ ԴԱՆԻԷԼեԱՆ

ՎԱՀՐԱՄ ԴԱՆԻԷԼեԱՆ

Եղբ. Վահրամ Դանիէլեան ծնած է 1945-ին։ Իբրեւ գայլիկ, ան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքին կը միանայ փոքր տարիքին, իր ծննդավայր Ֆիքսի մէջ, Յունաստան։ Տարիներ շարունակ իր աշխոյժ մասնակցութիւնը կը բերէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի տեղւոյն մասնաճիւղի աշխատանքներուն եւ իր հօրեղբօր՝ Դանիէլ Դանիէլեանի օրինակին հետեւելով կը դառնայ փայլուն մարզիկ։

1962-ին, եղբ. Վահրամ իր ծնողներուն հետ կը հաստատուի Մոնթրէալ, Գանատա, ուր ան կը շարունակէ միութենական իր աշխատանքը եւ մեծ ներդրում կ՚ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արմենիա ֆութպոլի խումբի կազմութեան մէջ։ Տարիներ շարունակ ան կը հանդիսանայ այդ խումբին սիւներէն մէկը, միաժամանակ ստանձնելով միութենական զանազան պատասխանատուութիւններ։

1981-ին, եղբ. Վահրամ ընտանիքին հետ կը հաստատուի Միացեալ Նահանգներ, Ֆլորիտա եւ նոյն տարին իր ջանքերով ու ժրաջան աշխատանքով կը հիմնուին հարաւային Ֆլորիտայի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասնաճիւղը եւ ազգային այլ կառոյցներ։ Տարիներ շարունակ իր անվերապահ օժանդակութեամբ ան կը սատարէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ֆլորիտայի մասնաճիւղին եւ ազգային կառոյցներու յարատեւման ու բարգաւաճման։

2003-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի 8-րդ Պատգամաւորական Ժողովին ան կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ, որուն մաս կը կազմէ յաջորդական երկու շրջան՝ 2003-2007 եւ 2007-2011։

Եղբ. Վահրամ իր համեստ խառնուածքով եւ նախանձելի նուիրումով կ’ըլլայ օրինակելի Հ.Մ.Ը.Մ.ական եւ ղեկավար։ Ան կը մահանայ 1 Յունուար 2014-ին։

Յետ-մահու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան որոշումով, ան կը պարգեւատրուի միութեան բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։

Տարածենք