ՎԱՐԴԳԷՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ

ՎԱՐԴԳԷՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ

ՎԱՐԴԳԷՍ ԱԼԱՀԱՅՏՈՅԵԱՆ

Եղբ. Վարդգէս Ալահայտոյեան ծնած է 1929-ին, Ղազիր, Լիբանան։ Պէյրութի Հայ Աւետ. Քոլէճէն վկայուելէ ետք, ան մուտք կը գործէ դրամատնային գործունէութեան ասպարէզ։ Պասքեթպոլ կը խաղայ կանուխէն։ 1950-1955 ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի պասքեթպոլի տղոց խումբին։

1955-ին, Ֆլորա Պալեանի հետ ան կը կազմէ ընտանեկան իր բոյնը եւ կը տեղափոխուի Վըրճինիա, Մ. Նահանգներ։

Մ. Նահանգներու մէջ, եղբ. Վարդգէս կը շարունակէ դրամատնային իր գործունէութիւնը եւ 1966-ին կը սկսի գործել Ուաշինկթընի Միջազգային Դրամատան մէջ, որուն իբրեւ ներկայացուցիչ ան կ’ուղարկուի Լիբանան, իբրեւ նորաստեղծ Transorient դրամատան Պէյրութի տնօրէն։

Լիբանան վերադարձին, եղբ. Վարդգէս կը շարունակէ միութենական իր գործունէութիւնը։ 1968-1969 ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, իսկ 1971-1974՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան։

1974-ին, միութեան համագաղութային առաջին Պատգամաւորական Ժողովին, եղբ. Վարդգէս կ’ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի անդրանիկ Կեդրոնական Վարչութեան անդամ՝ 1974-1979։ Ան կը վերընտրուի նաեւ երկրորդ շրջանի մը համար՝ 1979-1983։

1991-ին, եղբ. Վարդգէս եւ Ֆլորա Ալահայտոյեաններ կը ստանձնեն Արեւմտեան Մ. Նահանգներու Նաւասարդեան 16-րդ մարզախաղերուն նախագահութիւնը։

Եղբ. Վարդգէս Ալահայտոյեան կը մահանայ Հոկտեմբեր 2016-ին։

Տարածենք