ՎԱՐԴԳԷՍ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ

ՎԱՐԴԳԷՍ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ

ՎԱՐԴԳԷՍ ԾԱՏՈՒՐԵԱՆ

Լիբանանեան հեծելարշաւի անկրկնելի դէմքերէն Վարդգէս Ծատուրեան, իր եղբօր՝ Յովհաննէսի հետ, մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական աստղահոյլին։ Ան Հ.Մ.Ը.Մ.ին կ՚անդամակցի 1957-ին, իբրեւ հեծելանւորդ։ Կ՚ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Լիբանանի ազգային խումբի մարզիկ, մարզիչ, հեծիկի յանձնախումբի ատենապետ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչական, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնի անդամ։

1960-ական թուականներուն, եղբ. Վարդգէս մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հեծելարշաւի այն խումբին, որ կը հաստատէ մրցանիշ մը, երբ Հ.Մ.Ը.Մ. յաջորդական հինգ տարի կը շահի Լիբանանի հեծելարշաւի խմբային ախոյեանութիւնը՝ 1961-1965։

Եղբայր Վարդգէս բազմիցս հանդէս կու գայ Լիբանանի ազգային խումբին հետ, իր մասնակցութիւնը բերելով հեծելարշաւի միջազգային շարք մը մրցաշարքերու։ 1959-ին ան կը մասնակցի Միջերկրականեան խաղերուն, 1963-ին՝ Իտալիոյ Նափոլի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած միջազգային մրցաշարքին, իսկ 1966-ին՝ Թայլէնտի միջազգային մրցաշարքին եւ ասիական խաղերուն։

Վերջին անգամ ան հեծելարշաւի մրցաշարք մը կը շահի 1972-ին։

Իբրեւ մարզիկ եւ մարզիչ իր արձանագրած փայլուն արդիւնքներէն ետք, եղբայր Վարդգէս կը նուիրուի վարչական գործունէութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ Լիբանանի հեծելարշաւի ֆետերասիոնին մէջ։

1980-ական թուականներուն ան կը հետեւի մարզիչներու պատրաստութեան դասընթացքներու՝ հռչակաւոր Կիտօ Քոսթայի հսկողութեամբ։

Եղբ. Վարդգէս կը հանդիսանայ ԼԵՎԱՄ-ի հիմնադիր անդամներէն մէկը՝ տարիներ շարունակ վարելով ԼԵՎԱՄ-ի յանձնախումբին ատենապետութեան պաշտօնը։

Եղբ. Վարդգէս կը մահանայ 24 Սեպտեմբեր 2012-ին։

Տարածենք