ՎԱՐԴԻՎԱՌ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
ՎԱՐԴԻՎԱՌ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ
Մարզասէրներ եղբ. Վարդիվառ Յովհաննէսեանը ճանչցած են իբրեւ «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վարդիվառը»։ Ու տասնամեակներ շարունակ մեծ եղած է այս երկու բառերուն զուգորդութիւնը։ Մէկը միւսը հարստացնող, մէկը միւսը ամբողջացնող։ Եւ այս բոլորը այնպիսի փայլուն յաջողութիւններով, որոնց մեծ մասը կերտուած է ֆութպոլի դաշտերու վրայ՝ Լիբանանէն Պաղեստին, Սուրիայէն Կիպրոս եւ Թուրքիա։
Եղբ. Վարդիվառ Յովհաննէսեան կը պատկանի 1940-ական տարիներու Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի ֆութպոլի փառաւոր տասնամեակը կերտած տիտաններու այն սերունդին, որ իւրայատուկ դեր եւ դիմագիծ կու տայ իր միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին, յաղթանակներու բերկրանք եւ ազգային հպարտութիւն պարգեւելով անոր բազմահազար համակիրներուն, ժամանակի մը մէջ, երբ ներազգային մեր կեանքը երկփեղկումի եւ տեղատուութեան տխուր հանգրուան մը կը բոլորէ։ Վարդիվառ եւ իր աննման խմբակիցները՝ Մանուէլ Ալթունեանը, Սաաթճին (Կարապետ Սաաթճեան), Ժորժ Շատարեւեանը, Եղիշէ Մանուկեանը, Տիգրան Արապեանը, Յովհաննէս Նազարեանը եւ Սարգիս Ազնաւուրեանը, ամբողջական նուիրումով, զոհաբերութեամբ եւ յանձնառութեամբ բարձր կը պահեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշը՝ յաղթանակէ յաղթանակ առաջնորդելով զայն։
Եղբ. Վարդիվառ Յովհաննէսեան կը ծնի 25 Դեկտեմբեր 1925-ին, Պէյրութ։ Ան իր նախնական ուսումը կը ստանայ Նորաշէնի Մեսրոպեան վարժարանին եւ Էշրէֆիէի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Ճեմարանին մէջ, ուր կը սորվի նաեւ ֆութպոլ խաղալ։
1939-ին, ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի սկաուտներու «Յառաջ» ֆութպոլի խումբին, որուն կազմին մէջ կը թրծուի իբրեւ տոկուն ֆութպոլիստ։ 1941-1952, ան պատուով կը կրէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբին շապիկը, որուն հետ չորս անգամ կը տիրանայ Լիբանանի ախոյեանութեան (1944, 1946, 1948, 1951), երկու անգամ՝ բաժակին (1943, 1948) եւ հինգ անգամ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-մասնաճիւղային խաղերու առաջնութեան (1942, 1944, 1948, 1951, 1952)։ 1945-1952 ան մաս կը կազմէ նաեւ Լիբանանի ֆութպոլի ազգային խումբին։
1945-ին, դեռ ֆութպոլիստ, Ժոզէֆ Նալպանտեանի եւ Յովհաննէս Տէր Յարութիւնեանի հետ, եղբ. Վարդիվառ մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի ֆութպոլի երկրորդական խումբերու կեդրոնական յանձնախումբին եւ հսկայական աշխատանք կը տանի օրուան 16 երկրորդական խումբերէն («Մայր Հայաստան», «Ազատամարտ», «Խանասոր», «Մուրատ», «Քրիստափոր», «Շանթ», «Համազասպ», «Բաբգէն Սիւնի»…) ներկայացուցչական խումբին խոստմնալից ֆութպոլիստներ հասցնելու համար։
1951-1952, եղբ. Վարդիվառ Շուէտի մէջ վեց ամիս կը հետեւի ֆութպոլի մարզումի յատուկ դասընթացքներու։ Լիբանան վերադարձին, «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Վարդիվառ»ը, «Պոմպ աթոմիք»ը կը դառնայ լիբանանեան ֆութպոլի աստղ, մինչեւ որ դժբախտ պատահար մը կանուխէն վերջ կու տայ ֆութպոլիստի իր կեանքին։ Մարտ 1952-ին, հազիւ 27 տարեկանին, ան ընդմիշտ կը հեռանայ կանաչ դաշտերէն, երբ եգիպտական խումբի մը դէմ մրցած պահուն, հակառակորդ յետսապահ մը ծանրօրէն կը վիրաւորէ իր կրունկը։
Այնուհետեւ, եղբ. Վարդիվառ կ’անցնի վարչական աշխատանքի։ Ան յաճախ կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ եւ Լիբանանի Պատգամաւորական Ժողովներուն։ 1953-ին, մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչութեան, իսկ 1971-1973՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան։
1995-ին եւ 1999-ին, ան կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Զ. եւ Է. Պատգամաւորական Ժողովներուն։ Է. Պատգամաւորական Ժողովի նախօրեակին, 31 Մարտ 1999-ին, միութենական իր երկարամեայ ծառայութիւններուն առ ի գնահատանք՝ ան կ’արժանանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան «Արտակարգ» պատուանշանին։
Եղբ. Վարդիվառ 1989-ին կը հաստատուի Փարիզ, ուր մաս կը կազմէ տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.-Ֆրանսին։
2000 թուականին, եղբ. Վարդիվառ լոյս կ’ընծայէ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ֆութպոլիստի իր օրագրութիւններն ու տպաւորութիւնները ներկայացնող «Յուշեր Հ.Մ.Ը.Մ.ականի կեանքէս 1940-1952» հատորը։ Գիրքը յուզումով, հիացումով եւ պարծանքով կը ներկայացնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 170 խաղերու մասին ծանօթութիւններ եւ յիշարժան 60 խաղերու մասին մանրամասն տեղեկութիւններ։
Եղբ. Վարդիվառ Յովհաննէսեան կը մահանայ 15 Ապրիլ 2018-ին, 93 տարեկան հասակին, Փարիզի մէջ։