ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

ՎԱՐՈՒԺԱՆ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Եղբ. Վարուժան Գէորգեան ծնած է 1939-ին, Պուրճ Համուտ։ Կրթութիւնը ստացած է Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը։ Ապա նետուած է գործի ասպարէզ։

Իբրեւ գայլիկ, եղբ. Վարուժան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղին կ՚անդամակցի 1948-ին։ Սկաուտական շարքերէ անցնելէ ետք, ան իր հետաքրքրութիւնները կ՚ուղղէ դէպի մարմնամարզ։

1961-ին մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աթլէթի ներկայացուցչական խումբին, որուն հետ ան կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի միջ-մասնաճիւղային աթլեթիզմի խաղերուն, Գահիրէ։

Եղբ. Վարուժան Հ.Մ.Ը.Մ.ական աթլէթի շապիկը պատուով կը կրէ 1961-1974։ Իբրեւ վարպետ գունդ նետող, ան Լիբանանի ախոյեան կը հանդիսանայ 1964-ին, 1965-ին եւ 1966-ին։

Աթլէթ ըլլալու կողքին, 1968-էն սկսեալ ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի աթլեթիզմի յանձնախումբին, որուն ատենապետութիւնը եւ մարզիկներուն մարզումը ձեռնհասօրէն կը կատարէ 1972-1993, այնուհետեւ եւ մինչեւ մահ հանդիսանալով յաջորդական Շրջանային Վարչութիւններուն ներկայացուցիչը աթլէթի յանձնախումբին մօտ, իբրեւ Շրջանային Վարչութեան անդամ կամ լիազօր ներկայացուցիչ։

Եղբ. Վարուժան կը ստանձնէ նաեւ վարչական զանազան պաշտօններ։ 1974-1983 ան մաս կը կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի վարչութեան, 1980-1983 վարելով ատենապետութեան պաշտօն։ 1988-1993, 1996-2000 եւ 2006-2008, հինգ շրջան ան կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ։ 1991-ին եւ 1999-ին կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ե. եւ Է. Պատգամաւորական ժողովներուն։

Երկարամեայ աթլէթի իր փորձառութեամբ, եղբ. Վարուժան 1982-էն սկսեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աթլեթիզմի խումբին ներկայացուցչութիւնը կը կատարէ Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մօտ։ 1993-ին ան կ՚ընտրուի ֆետերասիոնի անդամ։ Այնուհետեւ ան կը վերընտրուի 4 անգամ (1997, 2001, 2005, 2009)՝ ֆետերասիոնի փոխ նախագահի պաշտօնով։ Այդ հանգամանքով ան աթլեթիզմի Լիբանանի ազգային խումբը կը գլխաւորէ արաբական եւ միջազգային զանազան մրցաշարքերու։

Վաստակաշատ իր նուիրումին համար, նոյեմբեր 2008-ին, եղբ. Վարուժան Հ.Մ.Ը.Մ.ի 90-ամեակին առիթով կը պարգեւատրուի «Ծառայութեան» շքանշանով։

Ան կը մահանայ 28 Փետրուար 2009-ին։

Տարածենք