ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՄՈՒՐԱՏԵԱՆ
Եղբ. Վարուժան Մուրատեան ծնած է 7 Փետրուար 1931-ին, Հալէպ։ 1939-ին, Մուրատեան ընտանիքը կը փոխադրուի Պէյրութ, ուր 1943-ին ան մուտք կը գործէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքեր, իբրեւ գայլիկ։ Այնուհետեւ, ան կէս դար կը նուիրուի իր պաշտելի միութեան՝ ծառայութեան համեստագոյն աստիճանէն հասնելով բարձրագոյնին՝ Կեդրոնական Վարչութեան անդամակցութեան։
1950-ական թուականներուն, եղբ. Վարուժան կը վարէ Պէյրութի մասնաճիւղի գայլիկական վոհմակները, մատղաշ սերունդի անդամները առաջնորդելով Քրիսեաններու եւ Յակոբեաններու ուղիէն։ 1964-ին կ՚ընտրուի Պէյրութի մասնաճիւղի վարչական։ Երկու տարի ետք, ան կը հանդիսանայ ԼԵՎԱՄ-ի հիմնադիրներէն։ 1971-1978, որոշ ընդմիջումներով, ան կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան անդամ։ 1979-1987, երկու շրջան ան կ՚ընտրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամ։
Եղբ. Վարուժան կը հանդիսանայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Մարզիկ» պաշտօնաթերթի հիմնադիր սերունդի գլխաւոր ներկայացուցիչներէն։ 1987-էն մինչեւ իր մահը՝ 7 Մայիս 1993, ան կը վարէ «Մարզիկ»ի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը, անսակարկ նուիրումով կատարելով թերթին խմբագրական եւ վարչական աշխատանքները։