ՏԻԳՐԱՆ ՀԱՃԷԹԵԱՆ
ՏԻԳՐԱՆ ՀԱՃԷԹԵԱՆ
Ազգային բարերար եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» շքանշանակիր եղբ. Տիգրան Հաճէթեան ծնած է 1938-ին, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս։
Եղբ. Տիգրան Հ.Մ.Ը.Մ.ին անդամակցած է 1951-ին, մաս կազմելով միութեան նախ՝ սկաուտական եւ ապա մարզական շարքերուն։ Շրջան մը վարած է նաեւ վարչական գործունէութիւն եւ ստանձնած է զանազան պաշտօններ։
Եղբ. Տիգրան սկաուտ եղած է Մխիթարեան վարժարանին եւ Աղեքսանդրիոյ «Կամք» ակումբի շարքերուն մէջ։ Գանատա հաստատուելէ ետք, 1972-ին ան անդամակցած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոնթրէալի «Կամք» մասնաճիւղին։ Ան միութեան աշխատանքներուն նպաստած է նիւթապէս եւ բարոյապէս։ Զանազան առիթներով նախագահած է շրջանի միջ-մասնաճիւղային խաղերուն եւ նուիրած է ախոյեան խումբերու բաժակները։
1981-ին, համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական առաջին մարզախաղերուն, Գանատա, ան բերած է իր գործօն մասնակցութիւնը եւ նուիրած է պասքեթպոլի ախոյեանութեան բաժակը։
Հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ական մը ըլլալու կողքին, եղբ. Տիգրան երկար տարիներ մաս կազմած է Մոնթրէալի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան։ Եղած է Ազգային երեսփոխան եւ Գանատայի թեմի Ազգային Վարչութեան անդամ։
Հայ ժողովուրդին եւ եկեղեցւոյ իր բազմամեայ ծառայութեան համար, եղբ. Տիգրան Հաճէթեան արժանացած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» եւ «Կիլիկիոյ Իշխան» շքանշաններուն։ Իր նուիրատուութիւններէն յատկանշական են Նիւ Եորքի Ազգային Առաջնորդարանին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Դպրեվանքին, Մոնթրէալի Ս. Յակոբ վարժարանին, Տէր Զօրի Նահատակաց յուշարձանին եւ Հ.Յ.Դ. Երեւանի «Արամ Մանուկեան» կեդրոնին կատարածները։ Իր բարերարութեամբ վերանորոգուած է հայկական ճարտարապետութեան գլուխ-գործոցներէն՝ Նորավանքի պատմական Ս. Աստուածածին եկեղեցին, որուն կողքին կառուցած է նաեւ վանատուն-թանգարան մը։
Եղբ. Տիգրան Հաճէթեան կը մահանայ Մարտ 2008-ին եւ կը թաղուի իր իսկ վերանորոգած Նորավանքի շրջափակին մէջ, Հայաստան։ Յետ-մահու, 15 Նոյեմբեր 2008-ին, անոր կը շնորհուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արտակարգ» շքանշանը։