ՏՈՔԹ. ՄԻՍԱՔ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
ՏՈՔԹ. ՄԻՍԱՔ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Եղբ. տոքթ. Միսաք Արզումանեան մէկն է յետ-եղեռնեան սերունդի հաւատաւոր այն դէմքերէն, որուն բովանդակ կեանքը Հ.Մ.Ը.Մ.ի եւ ազգային մեր կառոյցներու ճամբով անսակարկ նուիրաբերում եղած է հայակերտման եւ հայապահպանման նուիրական գործին։
Եղբ. տոքթ. Միսաք Արզումանեան ծնած է 1931-ին, Պէյրութ։ 1958-ին, ան կը մեկնի Ամման, ուր մինչեւ 1961 կ՚աշխատի իբրեւ բանակի բժիշկ, սպայի աստիճանով։ Պէյրութ վերադառնալէ ետք, ան կը բոլորէ ազգային ծառայութեան աւելի քան 35 տարիներ։
Եղբ. տոքթ. Միսաք Արզումանեան 1962-1964 կ՚ըլլայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պուրճ Համուտի մասնաճիւղի ատենապետ, 1964-1974՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի Շրջանային Վարչութեան փոխ ատենապետ, 1974-1978 եւ 1980-1982 Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ, իսկ 1987-1999 Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ։
1990-ին, եղբ. Արզումանեան կը գլխաւորէ Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ը վերականգնելու առաքելութեամբ Կեդրոնական Վարչութեան հայրենիք առաքած եռանդամ պատուիրակութիւնը։
1965-1999, եղբ. տոքթ. Արզումանեան կը մասնակցի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մերձաւոր Արեւելքի եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական բոլոր ժողովներուն։ 1999-ին ան կը պարգեւատրուի Հ.Մ.Ը.Մ.ի բարձրագոյն՝ «Արժանեաց» շքանշանով։ Նոյն տարին ան կը հաստատուի Մ. Նահանգներ, ուր կը մահանայ 27 Յունիս 2007-ին։