ՔԵՐՈԲ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

ՔԵՐՈԲ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

ՔԵՐՈԲ ԱՌԱՔԵԼԵԱՆ

Եղբ. Քերոբ Առաքելեան ծնած է 1909-ին, Այնթապ։ 1914-ին, ընտանիքին հետ հաստատուած է Հալէպ, Սուրիա։ 1918-ին, վերադարձած է Ատանա։ Նոյն տարին եղած է Հայ Արիներու սկաուտական խումբի առաջին անդամներէն։ Քեմալական շարժման ընթացքին կը փոխադրուի Գոքինիա, Յունաստան։ 6 ամիս առաւօտեան դպրոց յաճախելով եւ կօշիկ ներկելով ընտանիքին կ՚օգնէ։ Ապա, կը նետուի կեանքի ասպարէզ, մասնագիտանալով ատաղձագործութեան մէջ։

1922-ին, ծանօթ Հ.Մ.Ը.Մ.ական Մամուլեանի հետ կը հիմնէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղը, որուն առաջին սկաուտներէն կ՚ըլլայ 1924-ին, սկաուտականի կողքին, մասնաճիւղին ֆութպոլի խումբին կը միանայ, դառնալով անոր խմբապետը։

1930-ին, ընտանիքին հետ կը փոխադրուի Մեքսիքօ եւ կը միանայ երկրի ֆութպոլի խումբին, եւ մինչեւ 1939 կը դառնայ անոր փայլուն աստղերէն մէկը։

1964-ին կը փոխադրուի Միացեալ Նահանգներ։ 1968-ին մեծապէս կը նպաստէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի հիմնադրութեան եւ բարգաւաճման աշխատանքներուն։ Երկար տարիներ կ՚ընտրուի վարչական եւ բազմիցս կը վարէ ատենապետի պաշտօնը։ Ան մեծ ներդրում կ՚ունենայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Մոնթեպելլոյի մասնաճիւղի հիմնադրութեան։

1976-1981, եղբ. Առաքելեան յաջորդական երկու շրջան եղած է Շրջանային Վարչութեան ատենապետ։ 1979-ին մասնակցած է Կիպրոսի մէջ գումարուած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Պատգամաւորական Բ. Ընդհանուր Ժողովին։ 1981-ին ստանձնած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան Զ. Մարզախաղերու պատուոյ նախագահութիւնը։ 1982-ին արժանացած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Արժանեաց» շքանշանին, 1988-ին՝ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին կողմէ՝ «Կիլիկեան Ասպետ» շքանշանին։ 1993-ին ստանձնած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի Նաւասարդեան 18-րդ մարզախաղերուն պատուոյ նախագահութիւնը եւ այդ առիթով հիմնած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Առաքելեան» հիմնադրամը։

Եղբ. Քերոբ Առաքելեան կը մահանայ 30 Նոյեմբեր 1999-ին։

Տարածենք