ՔՆԱՐ ՖՈՒՌՈՒՆՃԵԱՆ-ՔԷՕՇԿԵՐԵԱՆ

ՔՆԱՐ ՖՈՒՌՈՒՆՃԵԱՆ-ՔԷՕՇԿԵՐԵԱՆ

ՔՆԱՐ ՖՈՒՌՈՒՆՃԵԱՆ-ՔԷՕՇԿԵՐԵԱՆ

Տիպար հայուհիի եւ կատարեալ խմբապետուհիի օրինակ մըն է Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտութեան երկարամեայ նուիրեալ քոյր Քնար Ֆուռունճեան-Քէօշկերեան, ծանօթ՝ իր վեհանձն նկարագիրով եւ օրինակելի վարքով: Ան ուսումը ստացած է Ազգ. Սահակեան Վարժարանին, ապա Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանին մէջ, որմէ ետք բովանդակ կեանքը ընծայած է ընտանիքին եւ միութենական կեանքին:

Քոյր Քնար եղած է Սուրիահայ Օգնութեան Խաչի «Նայիրի» մասնաճիւղի վաստակաշատ ընկերուհիներէն, երկար ժամանակ մաս կազմելով անոր խմբապետական կազմին: Նուիրումով ծառայած է Ս.Օ.Խաչի Շրջանային Վարչութեան ձեռարուեստի յանձնախումբին, իբրեւ ատենապետ եւ Ս.Օ.Խաչի «Արագած» գրադարանի յանձնախումբի պատասխանատու։

Իբրեւ համազգայնական, ան ծառայած է «Զաւարեան» թատերական միաւորի յանձնախումբին, անձնուիրաբար ստանձնելով բեմերու ետին կատարուած սեւ աշխատանքը:

Ազգ. Զաւարեան Վարժարանին ան իր ծառայութիւնը բերած է «Զաւարեան» գրադարանի յանձնախումբին մաս կազմելով:

Հ.Մ.Ը.Մ.ը քոյր Քնարին կեանքին մէջ ունէր իւրայատուկ տեղ: Ան կ’ապրէր ու կը շնչէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաղթանակներով, կը տառապէր Հ.Մ.Ը.Մ.ի դիմագրաւած դժուարութիւններով եւ անձնուիրաբար ծառայելով իր ներդրումը կը բերէր միութեան զանազան մարզերէն ներս: Նախքան Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկսեռ դառնալը, ան եղած է խմբապետուհի եւ Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ:

Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերուն մէջ, քոյր Քնար ունեցած է երկարամեայ վաստակ եւ ծառայութիւն: Եղած է Շրջանային Վարչութեան անդամ, Շրջանային Խմբապետուհի, Շրջանային Սկաուտ. Խորհուրդի անդամ եւ միութեան 100-ամեակի Շրջանային յանձնախումբի անդամ: Իբրեւ գնահատանք իր վաստակին եւ կատարած անձնուէր գործունէութեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Սուրիոյ Շրջանային Վարչութեան կողմէ պարգեւատրուած է «Ծառայութեան» շքանշանով: Վերջին շրջանին, ան ամբողջութեամբ լծուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100-ամեակի Սուրիոյ շրջանի յուշամատեանի հրատարակութեան աշխատանքին։

Քոյր Քնար փոքր տարիքէն ամբողջ կեանքը նուիրեց միութենական կեանքին: Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքեր մուտք գործած օրէն, միութենական սկզբունքները անձնական կեանքէն վեր դասելով՝ ան նուիրաբար ծառայեց, բարձրացաւ եւ իր հետ բարձրացուց Հ.Մ.Ը.Մ.ական քոյրեր եւ եղբայրներ: Ան ծայրայեղ բծախնդրութեամբ մօտեցաւ միութեան արժէքներուն, քննադատեց անընդունելի սխալները եւ ուզեց ամէն ինչ կատարեալ եւ իտէալական տեսնել: Քոյր Քնարին համար Հ.Մ.Ը.Մ.ի կանոնագիրն ու անգիր օրէնքները սրբութիւններ էին, զորս կը փայփայէր ան մասունքի մը նման:

Քոյր Քնար մահացաւ 16 Օգոստոս 2020-ին, իր անհատականութեամբ, վեհութեամբ ու ազգասիրութեամբ անջնջելի յիշատակներ ձգելով հալէպահայութեան հաւաքական յիշողութեան մէջ:

Տարածենք